Քորոնա ժահրը փոքրիկներու եւ անչափահասներու համար աւելի վտանգաւոր է, քան նախապէս կ՛ենթադրուէր, ինչպէս ցոյց կու տան վերջին ուսումնասիրութիւնները:
Քորոնա ժահրի եւ «կրիփ»-ի հետ կապուած անչափահասներու հիւանդանոցային բուժումի անհրաժեշտութիւնը բաղդատելու համար, CDC մասնագէտները օգտագործած են 13 նահանգներու մէջ FluSurv-NET համաճարակային հսկողութեան համակարգի տուեալները: Անոնք տեղեկութիւն հաւաքած են COVID-19 ունեցող 12-17 տարեկան փոքրիկներու հիւանդանոցային բուժումի վերաբերեալ եւ բաղդատած են զայն 2017 թուականէն ի վեր երեք եղանակային «կրիփ»-ի բռնկումներու հետ, յայտնած է Medportal.ru-ն:
Վերլուծումները ցոյց տուած են, որ 1 Հոկտեմբեր 2020-էն մինչեւ ապրիլ 2021 երկարող ժամանակամիջոցին.
Բուժուող անչափահասներու մասին տուեալները ներկայացուած են շաբաթական 100 000 բնակիչի հաշիւով՝ ընդհանուր ցուցանիշներու պատկերով: Պարզուած է, որ այս տարիքային խումբի փոքրիկներուն մօտ, 100 000 մարդու համար, միջին հաշիւով եղած է COVID-19-ով 35 կամ աւելի հիւանդանոցային բուժում: Միեւնոյն ժամանակ, նախորդ տարիներուն, «կրիփ»-ի համաճարակի ժամանակ, այս ցուցանիշը 15 եղած է: Հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ անչափահասներու մօտ քորոնա ժահրային վարակի հետ կապուած բարդութիւններ շատ աւելի յաճախ կը յայտնաբերուին, քան «կրիփ»-ի պարագային՝ նոյնիսկ հաշուի առնելով բազմաթիւ սահմանափակումները, ներառեալ հեռավար ուսուցումը։
«Առանց այդ միջոցառումներուն, COVID-19-ի հետ կապուած հիւանդանոցային բուժումի յաճախականութիւնը կրնար զգալիօրէն բարձր ըլլալ»,- ըսած են գիտնականները:
afhil.com