Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Որո՞նց Համար Վնասակար Է Ծիրան Ուտելը

Որոշ մարդոց համար փափաքելի չէ ծիրան ուտելը, իսկ ուրիշներու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ատոր քանակը, յայտնած է «էնտոքրինոլոկ», սննդաբան Թաթիանա Պոչարովա:

«Կարելի չէ ծիրան ուտել անօթի փորին. այդ կրնայ յանգեցնել մարսողական խնդիրներու, մանաւանդ երբ ախտորոշուած են «կասթրիթ» (ստամոքսը պատող լորձաթաղանթի բորբոքում), խոց, բորբոքած աղիքներու ախտանշան, ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքում։ Եթէ վերը նշուած հիւանդութիւններու բարդացում կայ, աւելի լաւ է հրաժարիլ ծիրան ուտելէն»,- ըսած է մասնագէտը։

Պոչարովայի խօսքով՝ ծիրանին մէջ կան կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու, ուրեմն պտուղը կրնայ բորբոքել լորձաթաղանթը եւ յառաջացնել այրուածք։ Մասնագէտը նշած է, որ նոյնիսկ առողջ մարդոց պարագային, ծիրանը կրնայ յառաջացնել լուծ եւ աղիքներու խանգարումներ, իսկ եթէ չափէն աւելի ծիրան ուտէք, արդիւնքը կ՛ըլլայ լուծողականի պէս։ Մարդուն օրկանիզմը կրնայ (առողջութեան համար անվնաս) մարսել օրական մինչեւ 200-300 կրամ ծիրան։ Այս քանակը եւս յանձնարարելի չէ, եթէ հատապտուղներու կամ միրգերու հետ պիտի ուտուի ծիրանը։

Չորցուած ծիրանը կամ ծիրանաչիրը նոյնպէս չի յանձնարարուիր անոնց, որոնք աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի հետ կապուած հարցեր ունին։ Ծիրանաչիրին մէջ շատ է շաքարը, որ սննդային մանրաթելերու հետ միասին կրնայ յառաջացնել «մեթեորիզմ»,- նշած է սննդաբանը։

afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ