Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժիշկ Թորոս Թորանեանի Յիշատակին (1928-2021)

Հարցազրոյց Մտաւորական Բժիշկին Հետ
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Երբ ձեր գրիչը ճշմարտութեան  մելանին է որ կը թաթխուի, թուղթէն մեզի պիտի նային մեր ժամանակակից պատմութեան իրաւ էջերը»

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Անակնկալ եղաւ եւ ցաւալի երբ  կարդացի Բժիշկ Թորոս Թորանեանի մահուան գոյժը պատահած Երեւանի մէջ յառաջացած տարիքին ուր կ՛ապրէր վերջին շրջանին։ Բացառապէս յարգելի մտաւորական մը եղաւ մասնագէտ իր բժշկութեան կողքին, իր հանգուցեալ բժիշկ Տիկնոջ հետ միասին,  այլոց գրական արգասիքը խղճամիտ կերպով գնահատելով, ո՛չ անպայման ձեւական ու արտաքին նկատումներով, այլ անկեղծ կենսուրախ եւ ժպիտը միշտ դէմքին։   

Եթէ հարցնէք պատճառը իմ այս գնահատանքին պատասխանը ուղղակի իմ եւ իր առաջին  եւ միակ հանդիպումին բարեդէպ արդիւնքն էր քսանհինգ տարիներ առաջ երբ անակնկալ Ֆլորիտա կ՛այցելէր, լսած ըլլալով նորաշէն Սուրբ Դաւիթ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ու անոր ծառայութեան կոչուած Հոգեւոր Հովիւի մասին։ Լսած էր նաեւ անունս  «Ազգապատում»ի  երեք հատորներուս հրատարակութեան առիթով ու զինք մղած իր բարձրօրէն գնահատելի այցելութեան ու հետեւեալ հարցազրոյցին՝ իր խնդրանքով։

Անծանօթ մըն էր Տոքթ. Թորոս Թորանեան որ եկեղեցւոյ գրասենեակը կը մտնէր համեստ  ու քաղաքակիրթ, նոյնիսկ բժիշկ ըլլալը չյայտնելով, կը փափաքէր իմանալ ու տեսնել գիրքեր, գրական վաստակ ունեցող իր մտաւորականի մաքուր հետաքրքրու-    թեամբ, երբ ի զարմացումն տողերս գրողին յայտնեց իր տեղեկութիւնները գլխաւոր հրատարակութիւններուս մասին։  Յանձնեցի առաջին հատորը,  տեսաւ, զարմացաւ ու գնահատեց։  Հետաքրքրութիւններուս ընթացք տալով Թորանեան պատմեց իր Հալէպի ուսումնառութիւնը, յիշելով մտաւորական ազնուահոգի հայ հոգեւորականի մը անունը որպէս իր վաղեմի դասընկերը, որուն հետ իսկոյն հեռաձայնով կապ մըն ալ հաստատեցի     եւ ուրախութիւնը մեծ եղաւ խօսելով իր վաղեմի դասընկերոջ հետ։

Երեւանի Պետական Համալսարանի բժշկական բաժնէն շրջանաւարտ, ինքն ու բժշկուհի տիկինը, մաս կազմեցին հայրենիքի ու արտասահմանի հայ համայնքներէն, մասնաւորաբար իր ծննդավայր Հալէպի ու Միջին Արեւելքի գաղթաշխարհներէն ներս։

Տոքթ. Թորանեան Փափաքեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը կատարել զոր կը ներկայացնեմ իր յիշատակին։  Նախ եւ առաջ կ՛ուզէր իր ուրախութիւնը յայտնել որ Երուսաղէմի Հայոց Ամենապատիւ Պատրիարքը Թորգոմ Սրբազան իր առաջին էջի օրհնութեան գիրով ո՛չ միայն «յանդուգն նախաձեռնութիւն»  կոչած է այս գիրքը, այլեւ «Օրմանեան Պատրիարքի Ազգապատումը Շարունակուած» վերնագրեալ իր խօսքին մէջ ըսած է հեղինակի մասին թէ «Յայտնաբերած է իմացական հետաքրքրութիւն բանասէր գիտնականի եւ ջանասէր մտաւորականի յատկութիւններ զարգացնելով»։  Իր կարգին «արդար գնահատանք յիրաւի», Թորանեան կ՛աւելցնէր։

* * * * * *

ԹԹՀեռաւոր Հալէպէն շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը հետեւինք «Ազգապատում»ի այս կարեւոր մատեանի արձագանգներուն եւ ձեր անունը ընդմիշտ կապուած կը մնայ սոյն կոթողական գործի շարունակութեան  հետ։  Փորձանաւոր գործ է պատմութիւն գրելը որովհետեւ արդար ըլլալու կողքին նաեւ պատրաստութիւն եւ ճիգ անհրաժեշտ են, յաճախ յիշելով սա խօսքը թէ «ամէն մարդ ունի իր ճշմարտութիւնը»։ Այս պայմաններու    տակ եկէք գրեցէք ճշմարտապատում պատմութիւնը հայոց։ Ահա այսպիսի երկասիրութիւն մը յաջողած էք կատարել հայ մատենագրութեան դաշտին մէջ։ Այս գործը թոյլ տուէք  որ մեր կողմէ հրաշքի համազօր գործ մը նկատենք տեսնելով եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան հսկայ աշխատանքն ու անոնց պարտադրած պայմանները։ Դոկտոր   Հայր Զաւէն  Արզումանեան դուք ընտրած էք դժուար ճամբան որ ազգին լիովին ծառայելու ճամբան է։ Ուրեմն ի՞նչ բան մղեց ձեզ որ պատրաստէք այս գործը։

ԶԱ Շնորհակալ եմ ձեր գնահատանքին համար։ Երեսունական եւ քառասունական թուականներուն կատարուելիք այս աշխատանքը բարձրաստիճան   որեւէ  հոգեւորական չէր կրցած յանձն առնել Մայր Աթոռին եւ կամ Երուսաղէմի մէջ  ուր աղբիւրներն ու պայ- մանները լրիւ ձեռնտու եղած են միշտ։ Կ՛ակնկալուէր որ այս հարցը լուծուէր մեր ժամանակէն շատ առաջ, սակայն կ՛առարկէին ըսելով թէ ոչ ոք կրնար շարունակել Մաղաքիա  Օրմանեան Պատրիարքի գործը, եւ կամ Օրմանեան ետ պէտք էր գար զայն շարունակելու համար։ Այս տեսակ անիմաստ եւ անօգուտ  խօսքերուն պատասխանել ուզեցի, ըսելով թէ ահա եկաւ Օրմանեանին մէկ հեռաւոր աշակերտը իր ուսուցչապետին գործը շարունակելու։

ԹԹԱյս աշխատանքը ո՞րքան ժամանակ խլեց ձեզմէ, կամ պիտի ըսէի, ո՞րքան ժամանակ աւելցուց ձեր կեանքին վրայ։

ԶԱ – Ազգապատումի սոյն Դ Հատորի միացեալ երեք գիրքերուն առաջին գիրքին պատ-րատութեան համար յատկացուցի աւելի քան հինգ տարի։

ԹԹԿ՛ընդմիջեմ Տէր Հայրը եւ կ՛ըսեմ, բայց այս գործը ձեր կեանքին վրայ աւելցուցած եղաւ բազում հինգ տարիներ։

ԶԱ – Ժպիտը դէմքին շարունակեց  ըսելով,  աղբիւրներու պարագան դժուար էր, եւ սակայն բարեբախտաբար անոնց 80 տոկոսը կը գտնուէր սեփական գրադարանիս մէջ, իսկ պակսածներն ալ ստացած եմ գրադարաններէ եւ բարեկրօն հոգեւորականներէ։

ԹԹ Ի՞նչ ընդունելութիւն գտաւ այս երկասիրութիւնը։

ԶԱ – Գրախօսականներ գրուեցան ամերիկահայ եւ գանատահայ թերթերու մէջ։ Գահիրէի Արեւ օրաթերթին մէջ գրախօսողը եղաւ Նուպար Միքայէլեանը, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի  մէջ  Տքթ. Յարութիւն Արզումանեանը (Ապագայ), Նուրհան Ուզունեանը (Բուրաստան) եւ Պերճ Մոմճեանը (Հորիզոն)։ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Աւստրալիայէն օտար հայագէտներ, Ժան Բիեր Մահէ, Փրոֆ. Րոպըրթ Թոմսըն, Դոկտ. Րոպըրթ Հիւսըն եւ այլ բանասէրներէ գնահատանքի նամակներ ստացայ, ինչպէս նաեւ հայ բարձրաստիճան հոգեւորականներէ։

ԹԹԱզգապատումի յաջորդ հատորները ի՞նչ պիտի պարունակեն։

ԶԱ – Չորրորդ հատորը պիտի բաղկանայ երեք գիրքերէ որոնց առաջինը այս մէկն է եւ    յաջորդ երկուքը լոյս կը տեսնեն կարգով։ Երեքը միասին ընդգրկած կ՛ըլլան լրիւ քսան-   երորդ դարը՝ մինչեւ մեր օրերը, իւրաքանչիւրը իր ժամանակներուն յատուկ իր դժուարութիւններով, ինչպէս Ա եւ Բ Պատերազմներն ու անոնց յարակից բազմաթիւ կացութիւնները՝ ցեղասպանութիւն, Սովետական ցնցում եւ եկեղեցւոյ դէմ հալածանք մինչեւ մեր օրերու աւելի հանդարտ տասնամեակները։ Երկրորդ գիրքը արդէն տպագրութեան յանձնած եմ (1930-1955) եւ երրորդն ալ (1955-1995) ծրագրած։

ԹԹԴոկտոր, որքան ալ կնճռոտ թուին հարցերը, արդարադատ ձեր մօտեցումով պիտի գրուին մեր օրերու դէպքերը։ Ձեր կշռադատուած մօտեցումը կրնայ միայն  գոհունակութիւն  պատճառել ո՛չ միայն այսօրուան ընթերցողին, այլեւ գալիք ընթերցողներուն որոնք հայրենի հողին վրայ ապրողները պիտի ըլլան։ Երբ ձեր գրիչը ճշմարտութեան մելանին է որ կը թաթխուի, թուղթէն մեզի պիտի նային մեր պատմութեան ժամանակակից խառնաշփոթ եւ զիրար հալածող իրաւ էջերը։

ԶԱ – Շնորհակալ եմ ձեր գնահատանքին համար։ Կը յուսամ հատորները երբ լրանան կը հասնին մեր մտաւորական երիտասարդ սերունդին։ Իմ միակ մտահոգութիւնս է անգլիախօս սերունդին պարագան որ հայերէն պիտի չկարդայ։  Այսուհանդերձ իմ ապագայի ծրագիրն է շատ ամփոփ էջերու մէջ թարգմանաբար փոքրիկ գիրքով մը ներկայացնել մեր անցեալ դարու եկեղեցական ու ազգային պատմութիւնը։

ԹԹՅաջողութիւն ձեր դժուար բայց իրագործելի աշխատանքին համար երբ ձեր կողքին ունիք  ձեզի գործակից երէցկինը որ Ամերիկա ծնած ըլլալով հանդերձ կը խօսի Սուրբ Մեսրոպի լեզուով։ Տեսնելով  երէցկին քոյրիկը թող ծնողներ չըսեն թէ իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելը անկարելի է։

Կ՛աղօթենք հանգուցեալ Թորոս Թորանեանի հոգիին համար մեր սրտագին ցաւակցութիւններով հանդերձ իր զաւակներուն եւ թոռներուն, հայցելով Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը բոլորին համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ