Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոգեկոչում Հնչակեան Քսան Կախաղաններու

Հինգշաբթի՝ 17 Յունիսին Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու 106-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնը, որ կազմակերպած էր ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը, գլխաւոր բանախօս՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան։ Սա ոգեկոչումն էր հայրենասէր 20 հնչակեաններու, ովքեր 1915 թուականի յունիսի 15-ին կախաղան հանուեցան Կ. Պոլսոյ Պէյազիտ հրապարակի մէջ։

Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ներկաներուն հետ բաժնեց «Ս. Էջմիածին» ամսագրին հետեւեալ պատումը։

«1915 թուական։ Հայ ժողովրդի պատմութեան ամէնից արհաւրալից եւ աղէտաբեր տարին։ Մահասարսուռ խուճապի մէջ էր ողջ արեւմտահայութիւնը։ Բայց վերահաս վտանգը չսասանեց հայի ապրելու կամքը եւ սեփական գոյութեան նկատմամբ հաւատը։ Նա անդիմադիր զոհ չդարձաւ միայն, այլ նաեւ սեփական արժանապատուութիւնը պաշտպանող մարդիկ՝ երբեմն անհաւասար մարտերում գտնելու իր «իմացեալ մահը»։

Այդպիսի ըմբոստ ոգիներ էին նաեւ այն քսան մահապարտները, որոնց դէպի կառափնարան տարաւ օսմանեան Բարձր Դուռը։

Ահա Հայրենիքի ազատութեան սրբազան գաղափարի համար նահատակուած այդ մարտիրոսների հետ է կապուած պատմական այս մասունքը՝ արծաթեայ փոքրիկ ձեռաց սուրբ խաչը։ Այն պատկանում էր Կ. Պոլսի Մայր եկեղեցու ծիսակատար հանգուցեալ Տ. Գալուստ քահանայ Պօղոսեանին։

Այդ օրը թուրք ոստիկանը նրան տարաւ զինուորական ատեան։ Կէսգիշերին դուռը ճռնչաց մահագոյժ։ Ոստիկանը Տէր Հօրը հրամայեց հետեւել իրեն։ Յայտնուեցին մի մութ բանտախցում։ Այս ու այն կողմ նստած ու կանգնած էին 20 երիտասարդներ՝ խրոխտ կեցուածքով եւ արծուային հայեացքով։ Տէր Հայրը սկսում էր հասկանալ։ Պէտք էր վերջին հաղորդութիւնը տալ մահապարտներին։ Բայց… նա սրբատուփ չունէր։ Ինչպէ՞ս հաղորդութիւն տալ գաղափարի այս նուիրեալներին, որպէսզի խաղաղ հոգով իրենց ժողովրդի եւ Մայր Եկեղեցու հետ միասնութեան մէջ նահատակուեն։ Մարգարէացաւ Տէր Գալուստը. հանեց ձեռաց սուրբ խաչը, օրհնեց սենեակի մի անկիւնում դրուած ջուրը, ինքնամոռաց աղօթքով ջուրը փոխակերպեց սուրբ հաղորդութեան եւ բախշեց իր ժողովրդի անվեհեր զաւակներին՝ իբրեւ մարմին եւ արիւն Քրիստոսի։ «Յաւիտենական յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան երեք գլխաւոր մտածումներով ոգեկոչեց քսաններու յիշատակը. «Հնչակեան Քսան կախաղաններու նահատակութիւնը կոչն է յանուն արդարութեան, երբայրսիրութեան ու անվերապահ յարգանքի, խոնարհումի՝ հայրենիքի ու խորանի առջեւ»։

«Հնչակեան քսան կախաղաններու նահատակութիւնը մշտնջենական Յարութեան պատգամ է», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ «Աւելի քան բոլոր ժամանակները, այսօր ի մասնաւորի անոնց նահատակութիւնը զգաստութեան հրաւէր է յանուն հայրենիքի անսասանութեան»։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ