Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Պլեռ Վարժարանի Հայկական Ճեմարանի Մէջ Հնչեց Ուսումնական Տարուայ Աւարտը Ազդարարող Առաջին «Վերջին Զանգը»

«Այս Զանգը Ձեր Ապագայի Ձայնն Է, Ձեր Պայքարներու Եւ Յաջողութիւններու Քաղցր Կանչը»

Յունիս 3, 2021, Հինգշաբթի յետմիջօրէին Փասատենա քաղաքի Պլեռ հանրային վարժարանի նորաբաց Հայկական Ճեմարանի մէջ կայացաւ «Վերջին Զանգ» հանդիսութիւնը, որ ունէր վարժարանի շրջանաւարտութեան անդրանիկ հանդէսը ըլլալու նշանակութիւնը:

«Վերջին զանգ»-ը տեղի ունեցաւ միջնակարգ դասարաններու մասնաշէնքի գաւիթի մէջ: Բացի վարժարանի վարչութենէ, ուսուցիչներէ եւ ծնողներէ, յայտագրին ներկայ գտնուեցան նաեւ ծերակուտական Փորթանթինոյի գրասենեակի երկու ներկայացուցիչներ, Փասատենա քաղաքի միացեալ դպրոցական տարածաշրջանի (PUSD) փոխ-տեսուչ Էրիք Սահակեան, նոյն տարածաշրջանի արձանագրիչ Անի Ճանանեան, Հայկական Ճեմարանի խորհրդատու յանձնախումբի ատենապետուհի Մարօ Եագուպեան եւ նոյն յանձնախումբի անդամներէն Կոլտի Գալստեան:

Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով: Բարի գալուստի խօսքը կատարեց Ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանը: Ան շնորհաւորելով եւ օրուայ խորհուրդին բնորոշ լաւագոյն բարեմաղթանքները յղելով շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ, թէ կեանքը նաւակի մը նման է եւ այսօր ի’նքը՝ շրջանաւարտը պիտի սկսի ղեկավարել զայն, հետեւելով ծնողներու ու դասատուներու խորհուրդներուն: Ն. Տատուրեանը նաեւ անդրադարձաւ, թէ վարժարանի առաջին հունձքի շրջանաւարտութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ազգի ճգնաժամային օրերուն: Սակայն, ան վստահեցուց բոլորին, թէ շրջանաւարտները պատրաստ են բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Պլեռ վարժարանի տնօրէն Տէյվիտ Իպառան ուրախութիւն յայտնեց, թէ հայ աշակերտներու ընտիր խումբ մը բնակութիւն գտած է իր վարժարանի մէջ ու Հայկական Ճեմարանը մնայուն հարստութիւն մըն է Պլեռ երկրորդական վարժարանի համար: Փասատենայի կրթական տարածաշրջանի փոխ-տեսուչ Էրիք Սահակեանը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները, ապա ըսաւ, թէ Հայկական Ճեմարանի երդիքին տակ շնչել սկսած հայոց լեզուն եւ մշակոյթը PUSD-ի համար թանկագին յայտնութիւն մըն է եւ Փասատենա քաղաքը զայն աճեցնելու համար նոր ներդրումներ պիտի կատարէ: Ճեմարանի խորհրդատու մարմնի ատենապետուհի Մարօ Եագուպեանը իր խօսքի մէջ շրջանաւարտները կոչեց՝ «հերոսներ» ու աւելցուց, «Դուք վստահեցաք մեզի եւ ընտրեցիք դժուար ճամբան, արձանագրուեցաք վարժարանի մը, որ տարի մը առաջ գաղափար էր միայն, գոյութիւն իսկ չունէր: Դուք ռահվիրաներ էք ու ճամբայ կը բանաք բազմահարիւր հայորդիներուն, որոնք այժմ կը տեսնեն, թէ կարելի է հանրային վարժարանի մը մէջ հայեցի լիակատար դաստիարակութիւն եւ ազգային սնունդ ստանալ»:

Ապա հրաժեշտի խօսքերով բեմ ելան ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտները՝ Լիա Մախուլեան, Տէյվիտ Աբիկեան, Քրիստափոր Սագայեան եւ Յարութիւն Գարակէօզեան: Անոնց խօսքերուն մէջ կար տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը միաժամանակ ապրելու արտասովոր վիճակը: Աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք Հայկական ճեմարանը հիմնելով, իրենց շնորհեցին հայեցի կրթութիւն:

Փասատենա քաղաքի մէջ Հայկական ճեմարանի ներկայութիւնը չէր վրիպած նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Անթոնի Փորփանթինոյի ուշադրութենէն: Անոր գրասենեակէն երկու ներկայացուցիչներ շնորհաւորագիրներ ներկայացուցին շրջանաւարտներուն:

Աշակերտներն ալ հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էին հանդիսատես ծնողներու եւ հիւրերու համար: Երբ բացօթեայ գաւիթի մէջ սկսաւ լսուիլ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը, աւարտականները, 11րդ կարգի աշակերտներու հետ զոյգեր կազմած՝ պարեցին հրաժեշտի վալսը:

Ապա եկաւ սպասուած պահը: Շրջանաւարտները պատրաստ էին դպրոցական կեանքի ամենէն տխուր բայց միեւնոյն ժամանակ ամենէն գեղեցիկ ձայնը լսելու: Ն. Տատուրեանը հնչեցուց իր ձեռնազանգակը ու ըսաւ. «Ասիկա վերջակէտ մը չէ: Այս զանգը ձեր ապագայի ձայնն է, ձեր պայքարներու եւ յաջողութիւններու քաղցր կանչը»:

Որպէս վարժարանի նոր աւանդութիւն, իւրաքանչիւր աշակերտ դպրոցական օրերը խորհրդանշող առարկայ մը ձգեց «Յիշատակի արկղ»ի մէջ: Այդ արկղը հանդիսութեամբ կը բացուի տասը տարի յետոյ: Իսկ դպրոցի պարտէզի «Հայկական անկիւն»ի մէջ անոնք տնկեցին նռենի մը:

Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ հիւրասիրութեամբ:

Հայկական Ճեմարանը Քալիֆորնիա նահանգի Փասատենա եւ շրջակայ քաղաքներու հայկական միակ երկրորդական վարժարանն է: Այս հաստատութիւնը «Պլեռ» արձանագրուած 6-12րդ կարգի հայորդիներուն կու տայ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան դասեր, ներառեալ միջազգային ճանաչում ունեցող «IB-International Baccalaureate/Հայկական Գրականութիւն» դասընթացքը: Ճեմարանը ծրագրած է յաջորդ տարի հայկական պարի եւ երգի ընտրովի դաս ալ սկսիլ: Բոլոր դասընթացքները ունին Քալիֆորնիոյ Համալսարանի վարկաւորում (UC Accreditation): Ճեմարանը PUSD դպրոցական տարածաշրջանի հաստատութիւնն է, որուն կրնան անվճար արձանագրուիլ թէ» Փասատենա եւ թէ՝ Լոս Անճելըսի բոլոր այլ քաղաքներու աշակերտները: Ճեմարան արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար դիմել՝ www.armenianacademy.org կայքէջին, կամ հեռաձայնել՝ (1-626) 396 5820 x 80124: Հասցէ՝ Blair High School Armenian Academy: 1201 S. Marengo Ave, Pasadena, CA 91106:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ