Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Խումբի «Առողջութիւնը»

ՎԵՐԱ ՍԻՍԵՌԵԱՆ

Դժուար աշխատանք է խումբը առողջ պահելը, մանաւանդ, որ այդ գործընթացը կրնայ սպառնալ մեկուսացումով եւ լուսանցքայնացումով այն բոլոր անդամներուն, որոնք կը փորձեն առողջ պահել խումբը՝ հարցադրումներով, դիմադրութեամբ, վերլուծումներով…

Իւրաքանչիւր անհատ ունի խումբի կարեւորութիւնը զգալու իր պահը: Կեանքի ընթացքին սովորական երեւոյթ է անդրադառնալ արժէքներու՝ զանոնք կորսնցնելէ ետք միայն: Այդ պահը ինծի համար Փարիզ փոխադրութիւնն էր, երբ անդրադարձայ ո՛չ միայն իմ հայկական ինքնութեանս հետ կապուած խումբի կարեւորութեան, այլ նաեւ իմ լիբանանեան պատկանելիութեանս, որուն  մինչ այդ երբեք չէի անդրադարձած:

Խումբի պատկանելիութիւնը մարդուն հիմնական պէտքերէն մէկն է: Պահ մը պատկերացուցէք դուք ձեզ առանց խումբի, առանց ընտանիքի, ընկերներու, աշխատանքի, հայրենիքի եւ…եւ…եւ….

Դժուար եւ նոյնիսկ անհնար է ապրիլ առանց խումբի, հետեւաբար շատ կարեւոր է լրջութեամբ մօտենալ խումբի առողջութեան, որմէ կախեալ է իւրաքանչիւր անհատի առողջութիւնը, այլապէս խումբի պատկանելիութիւնը կը դառնայ պատուհաս եւ վտանգ թէ՛ անհատին եւ թէ հաւաքականութեան: 

Ինչպէս որ մարդուն ֆիզիքական եւ մտային առողջութիւնը կարեւոր է, եւ անոնց ապահովման համար կարեւոր է կանխարգիլումը եւ արագ միջոցառումները, նոյնպէս կարեւոր է խումբի առողջութեան ապահովումը, որուն համար ընելիք ունի իւրաքանչիւր անհատ եւ որուն  իրագործման համար անհրաժեշտ է հասկնալ խումբի dynamics-ին հետ կապուած ամէն տեսակ հասկացութիւն:

Ի՞նչը կը խանգարէ,  որ խումբի անդամը չկարողանայ պահել իր մտքի անկախութիւնը եւ ըլլայ հետեւող եւ համաձայնող: 

  • Խումբէն դուրս մնալու վախը,
  • Խումբի առաւելութիւններէն օգտուելու սովորութիւնը,
  • Մարդոց կողմէ ընդունուած ըլլալու փափաքը,
  • Շփոթ կացութիւններու մէջ խումբի կեցուածքներէն օգտուելու սովորութիւնը,
  • Խումբի կայունութենէն օգտուելու փափաքը,
  • Խումբի տեղեկութիւններէն օգտուելու փափաքը:

Այլ խօսքով՝ մարդը կը համաձայնի խումբին օրէնքներուն, որոշումներուն եւ տեակէտներուն՝ ներմղում ունենալով վերոնշեալ պատճառներէն որեւէ մէկը եւ այդ մէկը կ՛ընէ ուղղակի իւրացնելով այդ բոլորը կամ գիտակցաբար  համաձայնելով հակառակ իր համոզումներուն,  հաճոյալի թուելու եւ կամ  օգտուելու խումբի առաւելութիւններէն: 

Կարելի է ըսել, թէ ի՞նչ անպատեհութիւն, երբ մարդը վերջ ի վերջոյ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար համաձայնելով կ՛օգտուի իր որոշումէն…

Անպատեհութիւնները շատ՝ թէ՛ հաւաքական, թէ անձնական մակարդակներով :

Ինչպէս որ ֆիզիքական առողջութեան պարագային կարեւոր է տարբեր օրկաններու առողջ գործունէութիւնը, տարբեր նիւթերու հաւասարակշռուած գոյութիւնը արեան մէջ, արեան ճիշդ շրջագայութիւնը, այնպէս ալ մտային առողջութեան համար  շատ կարեւոր է  արժեհամակարգը  եւ այդ արժեհամակարգին համաձայն ու կեանքի տարբեր մարզերուն միջեւ հաւասարակշռութեամբ գործունէութիւնը: Կարեւոր է նաեւ մտքի, խօսքի եւ վարքի միջեւ համակարգումը, որուն համար խիստ անհրաժեշտ է հաղորդակցութիւնը անձնական մտքին հետ եւ հսկողութիւնը մտքին վրայ:  Երբ կը մտածենք մէկ բան, կը խօսինք այլ բանի մասին եւ կը գործենք բոլորովին տարբեր ձեւով,  կը կորսնցնենք մեր  ներքին ամբողջականութիւնը, իսկ այս  կորուստը կրնայ պատճառել մտային եւ հոգեմարմնային հարցեր:

Երկրորդ կարեւոր հարցը այն է, որ նման ընթացքով մենք կը կորսնցնենք մեր անձնական արժեհամակարգը եւ կ՛ընդունինք ուրիշին արժեհամակարգը իբրեւ մերը: 

Իսկ երրորդը, երբ խումբի մէջ անձ մը կամ փոքրամասնութիւն մը իր կարծիքը կը պարտադրէ եւ առիթ չի տար իսկական քննարկումի, ապա  անկարելի կը դառնայ հարցերու լուծման լաւագոյն ձեւի որդեգրումը. իսկ ի՞նչ կրնայ պատահիլ,  եթէ վատառողջ որոշումներ կամ որոշ խմբակի շահերը պաշտպանող որոշումներ կայացուին,− յստակ է բոլորին , խումբի տկարացում եւ կործանում:  

Այսինքն՝ կամայական որոշումները եւ անկարողութիւնը նման որոշումներ կասեցնելու տարբեր պատճառներով թէ՛ վնասակար են անհատին եւ թէ՛ հաւաքականութեան: 

Ինչպէ՞ս կարելի է առաջքը առնել անտեղի համաձայնութեան :

  • Առաջին հերթին անդրադառնալ, որ նման իրավիճակի մէջ կրնայ  գտնուիլ որեւէ խումբ, ուշադիր ըլլալ երբ խումբի օրէնքները կը սրբացուին կամ թապուները կը բազմապատկուին:
  • Հետեւիլ եւ նկատել, որ երբ խումբի անդամ մը «սրբութիւններու» դէմ արտայայտութիւններ կ՛ունենայ՝ ի՞նչ կը պատահի իրեն: 
  • Անդրադառնալ, որ մտաւորական անկախութիւնը կարեւոր է, եւ կարելի է կորսնցնել, եթէ ուշադիր չըլլանք:
  • Անդրադառնալ մտաւորական անկախութեան բացակայութեան հետեւանքերուն:
  • Անդրադառնալ՝ երբ մտաւորական անկախութիւնը կը վտանգուի:
  • Բարձրաձայնել, երբ հարց մը մեզի համար համոզիչ չըլլայ:
  • Վերջապէս, անդրադառնալ մեր կարծրատիպերուն:

Ինչպէ՞ս նկատել խմբային մտածողութեան նշանները:

  • Երբ անընդհատ արդարացումներ կ՛արձանագրուին հեղինակային անձերու արարքները բացատրող: 
  • Երբ ճնշում կը բանեցուի որեւէ առաջարկի համար՝ սպառնալիքներով, որ քեզ կը հեռացնեն խումբէն:
  • Երբ խումբի իւրաքանչիւր անդամ ինքզինք կը համարէ  բարձր բարոյականի տէր եւ գերագոյն պաշտպան:
  • Երբ անընդհատ կը վարկաբերուին խումբէն դուրս գտնուող մարդիկ անիմաստ պատճառներով : 
  • Երբ կայ գրաքննութիւն:
  • Երբ կայ խաբկանք, որ միաձայնութեամբ որոշում կը կայացուի բոլոր հարցերու մէջ:

Խմբային մտայնութեան կասեցման համար մտաւորական խիզախութեան, ինքնուրոյնութեան եւ անկախութեան յորդորներու կողքին կան ձեւեր որոնք կ՛ապահովեն խումբի հանգիստ գործունէութիւնը եւ կ’առնեն առաջքը անախորժ իրավիճակներու եւ խումբի կազմալուծման: 

  •  «Ուղեղափոթորիկ», brainstorming. որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ կազմակերպել ուղեղափոթորիկ եւ հասնիլ որոշ եզրակացութիւններու:
  • Փորձել մեղմացնել «հեղինակաւոր» կամ «ուժեղ» համարուող անդամի կամայական որոշումները, նախ եւ առաջ գիտակցելով, որ նման կացութիւն կրնայ ստեղծուիլ:
  • Ծաւալել արդիւնաւէտ խօսակցութիւն՝ նկատի ունենալով հաղորդակցութեան տարբեր հմտութիւններ եւ տարբեր ձեւեր հասկնալու եւ հասկցուելու դիմացինին հետ՝ դուն քեզ իր տեղ դնելով, հարցը իր դիտանկիւնէն դիտելով, դիտմամբ հակաճառելով քու համոզումներուդ կամ հակառակ համոզումներուն դէմ:
  • Կազմակերպել մասնագէտներու լսումներ, տարբեր հարցերու մասին եւ յետոյ որոշում կայացնել:
  • Քննարկել որոշումին ետին կանգնող ենթադրութիւնները:
  • Քննարկել փաստերը, որոնք մեզ հասցուցին տուեալ եզրակացութեան:
  • Տարբեր աղբիւրներէ տեղեկութիւններ հաւաքել  եւ քննարկել որոշումի տարբերակներ:
  • Որոշումին նպատակակէտերը ճշդել:
  • Տուեալ ծրագրի անյաջողութեան պարագային  կազմակերպել այլ ծրագիրներու քննարկում:
  • Նոր տուեալներու պարագային, նախկին որոշումները վերատեսութեան ենթարկել, մանաւանդ այն որոշումները, որոնք ընդունուած չէին :
  • Կատարել  ռիսքի  եւ ազդեցութեան վերլուծում:

Դժուար աշխատանք է խումբը առողջ պահելը, մանաւանդ, որ այդ գործընթացը կրնայ սպառնալ մեկուսացումով եւ լուսանցքայնացումով այն բոլոր անդամներուն, որոնք կը փորձեն առողջ պահել խումբը՝ հարցադրումներով, դիմադրութեամբ, վերլուծումներով, որոնց հասցուցած անհատական վնասները կրնան պղտորել մարդուն ուղեղը եւ ժամանակաւոր դրական ելքերով խաբել զինք, որպէսզի ըլլայ համաձայնող: Սակայն յստակ է, որ ոչ համոզուած կամ պարտադրուած համաձայնութիւնը վնասակար է  թէ՛ անհատին եւ թէ՛ խումբին հաւասարապէս եւ կը ծառայէ ընդամէնը որոշ հատուածի մը… «բարօրութեան»:

Darperag21.net
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ