Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ Հիւանդութիւն Ցոյց Կու Տայ Քիթէն Արիւնահոսութիւնը

Քիթէն արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ լեարդի վտանգաւոր վիճակի նշաններէն մէկը, որու պարագային այս օրկանին մէջ ճարպի մեծ քանակ կը կուտակուի:

Լեարդի ճարպակալումը կրնայ զարգանալ քանի մը պատճառներով, որոնց շարքին է ալքոլի շատ օգտագործումը: Լեարդին մէջ կը կուտակուին ալքոլի քայքայումէն ետք մնացած վնասակար նիւթերը, եւ ատոնք կրնան վնասել լեարդին բջիջները, որու պատճառով լեարդը դիւրութեամբ կը բորբոքի, վատօրէն կը գործէ եւ լաւ ձեւով չի կատարեր իր աշխատանքը, եւ հետեւաբար, աւելի ճարպ կը հաւաքուի լեարդին մէջ:

Սինայի լերան բժշկական կեդրոնի մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ լեարդին հետ կապուած խնդիրներու ախտանիշները կը տարբերին: Անոնք կախեալ են հիւանդութեան ծանրութենէն եւ կրնան վատթարանալ խմելու ժամանակամիջոցէն ետք: Խնդիրին նշանները կրնան ըլլալ քիթէն կամ լինտերէն «անոմալ արիւնահոսութիւնները»:

Լեարդի երկարատեւ ճարպակալումը, որ կը խորանայ վատ սովորութիւններու պատճառով, կրնայ զարգանալ՝ վերածուելով կեանքին սպառնացող «փաթոլոճիք» վիճակներու, ներառեալ՝ հեփաթոզը, ֆիպրոզը, սիռոզը եւ քաղցկեղը: Երբ վերափոխումի հետեւանքով օրկանի հիւսուածքը կը սպիանայ եւ կոշտանայ, լեարդի միջոցով արեան հոսքը կրնայ վերաբաշխուիլ՝ յառաջացնելով կերակրափողի երակներու գերբեռնուածութիւն, որուն հետեւանքով ատոնք կ՛ենթարկուին «վարիքոզ»-ի՝ կը դառնան լայն եւ ոլորուն, բարակցած պատերով: Տարբեր հանգամանքները (օրինակ՝ ֆիզիքական վարժութիւններ, արեան բարձր ճնշում, փսխուք) կրնան վնասել այս «վարիքոզ» երակները հետագայ արիւնահոսութեամբ: Այդ պարագային արիւն կարելի է նկատել քիթէն կամ բերանէն արտադրութիւններու մէջ, բացի ատկէ, կղկղանքի մէջ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական ազգային գրադարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն, երակներու «վարիքոզ» ընդլայնումի հետեւանքով արիւնահոսութիւնը «սիռոզ»-ի՝ կեանքին սպառնացող բարդութիւն է, որ կրնայ երկարատեւ կամ դժուար բուժելի ըլլալ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ