Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞վ Օգտակար Է Կաղամբը Առողջութեան Համար

Կարելի՞ է արդեօք կանոնաւոր ձեւով օգտագործել կաղամբը:

Կաղամբը կը պարունակէ շարք մը վիթամիններ եւ հանքանիւթեր՝ C, A, K, B վիթամինները, «պեթաքարոթին»ը, «քալսիում»ը, եւ «մակնիզիում»ը, ինչպէս նաեւ «լիութէին» եւ «թէանին» ամինաթթուները:

Կաղամբը հարուստ է նաեւ բջիջանիւթով, որ անփոխարինելի է լեարդի եւ աղիքներու առողջութեան համար: Անիկա կ՛օգնէ հեռացնելու աւելորդ քոլեսթերոլը եւ լեարդի նիւթափոխանակութեան արտադրութիւնը, հետեւաբար կաղամբը մեր օրկանիզմին համար հիւանդապահի դեր կը կատարէ՝ մաքրելով նաեւ անօթները: Բջիջանիւթի կոշտ մանրաթելերը կը զօրացնեն աղիքներու շարժունակութիւնը՝ օգնելով, որ օրկանիզմէն հեռացնեն թունաւոր նիւթերը: Լուծուող բջիջանիւթը որպէս սնունդ կը ծառայէ «մաքրոպայոթ»-ի համար։

Կաղամբի բոլոր տեսակները կը պարունակեն նաեւ «հակաօքսիտանթ»ներ, որ քայքայիչ ազդեցութիւն ունին ազատ «ռատիքալ»ներու վրայ եւ կ՛օգնեն պայքարելու բորբոքումներու դէմ: Աւելին, ատոնք նաեւ կը կանխեն սրտանօթային շարգ մը հիւանդութիւններու զարգացումը:

Կաղամբի ամէնէն օգտակար տեսակը «պրոքոլի»ն է, որ հարուստ է «քլորոֆիլ»ով եւ «թոքոֆերոլ»ներով, որ կ՛երկարաձգեն երիտասարդութիւնը: «Սուլֆորաֆան»ը կը պաշտպանէ քաղցկեղէն, «քրոմ»ը կը կարգաւորէ արեան մէջ շաքարը, իսկ երկաթը եւ պղինձը կը խթանեն արեան կարմիր բջիջներու արտադրութիւնը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ