Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Սփիւռք. Երկարաձգուած Է «Սփիւռքի Երիտասարդ Դեսպան» Ծրագրին Դիմելու Վերջնաժամկէտը

Հայաստանը պիտի ունենայ սփիւռքի երիտասարդ դեսպաններ։ Անոնք պիտի զբաղին համայնքի խնդիրներով, արտերկրի մէջ պիտի պաշտպանեն հայկական շահը։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ առաջին անգամ կ’իրականացնէ «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը, որու հիմնական նպատակներէն մէկը սփիւռքի տարբեր համայնքներէն երիտասարդական ցանցի ձեւաւորումն է:

«Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 5 Յուլիս: Սփիւռքի 22-էն 35 տարեկան աշխոյժ երիտասարդներու համար ծրագիրը կը գնահատուի բացառիկ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը:

Ծրագրի ընթացքին մասնակիցները 2 շաբաթ պիտի գտնուին Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ մէկ տարի շարունակ երիտասարդ դեսպանի կարգավիճակով պիտի կազմակերպեն համայնքային միջոցառումներ, իրազեկման արշաւներ, պիտի հեղինակեն մետիա հրապարակումներ:

Դիմելու համար անհրաժեշտ է այցելել հետեւեալ յղմամբ՝ http://diaspora.gov.am/…/19/Diaspora-Youth-Ambassador:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ