Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս Յաղթահարել Քաղցրի Հանդէպ Հակումը

Շատ մարդիկ աւելորդ կշիռք ունին եւ ոչ մէկ ձեւով կը յաջողին նիհարնալ, որովհետեւ շատ քաղցր կը սիրեն: Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել այս ձգտումը: Սննդաբան Ռուճութա Տիվեքար այս մասին քանի մը խորհուրդներ տուած է։

Անոր խօսքով՝ նախ պէտք է գիտնալ բնական անօթութիւնը զանազանել սնունդի նկատմամբ անցողական ձգտումէն, որ շատ յաճախ հոգեբանական ծագում կ՛ունենայ: Շատ պարագաներու, մարդիկ քաղցր բան մը կ՛ուտեն երեւակայական անօթութեան պատճառով, սովորաբար այդ պահուն անոնք կուշտ կ՛ըլլան: Ատոնցմէ խուսափելու համար, մասնագէտը կը յանձնարարէ ուշադիր հետեւելու օրկանիզմի հեղուկի մակարդակին եւ լաւ քնանալ:

Սննդաբանը նաեւ կը յանձնարարէ տնային թթուներ` «փրոպայոթիք»-ներ, որոնք կը նպաստեն աղիքներուն օգտակար մանրէներու աճին, ինչ որ, իր կարգին, կ՛օգնէ պահպանելու արեան մէջ «կլիւքոզ»-ի ճիշդ մակարդակը եւ նուազեցնելու քաղցրի հանդէպ ձգտումը:

Սննդականոնին մէջ լոպազգիները լաւ ընտրութիւն կը նկատուին: Անոնք հարուստ են սպիտակուցներով եւ բջիջանիւթով, որոնց շնորհիւ մարդ աւելի երկար կուշտ կը մնայ եւ շաքարի աւելի քիչ կարիքը կը զգայ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ