Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեղի Ունեցաւ Կոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Հայց. Եկեղեցւոյ Հանդիսասրահի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը

Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ը յիշարժան օր մըն էր Կոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Այդ օրը եկեղեցին սովորականէն աւելի բազմամարդ էր, քանզի եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին բազում հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի հաղորդակիցը ըլլային սրբազնասուրբ եւ հոգեզմայլ արարողութեանց: Օրուան պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տ. Սերովբէ Քհնյ Ալանճեանի եւ եկեղեցւոյ վաստակեալ հոգեւոր հովիւ` Տ. Մուշեղ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերեցին նաեւ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեանը եւ Արժ. Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տինկելեանը:

          Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանը հոգեւորականներու թափորը Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցուն կից նոր կառուցուելիք հանդիսութիւններու սրահին վայրը, ուր ձեռամբ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կատարուեց հիմնարկէքի արարողութիւն:  Արարողութեանը իրենց մասնակցութիւնը բերեցին` Արեւմտեան Թեմի թեմական խորհրդի ատենապետ Տիար Դերիկ Ղուկասեան իր Տիկնոջը հետ, Կոստա Մեսայի քաղաքապետ Տիար Ջոն Սթիվէնսը, փոխքաղաքապետ Թիմ Անտրէա Մարը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ` Մանուել Չավեսը, Ջեֆ Հարլին, Արլիս Ռեյնոլտսը, աշխատակազմի ղեկավար Ալեքս Գոնսալեսը, ինչպէս նաեւ Թեմի տարբեր ծուխերէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասխանատուներ:

           Արարողութեանց աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, յընթացս որի, ներկաներէն` ծխական խորհրդի ատենապետ Տիար Մայք Հոլլիս, շինարարական կոմիտէի նախկին ատենապետ` Տիար Արամ Պասենեան, ծուխի նախկին հովիւ`  Արժ. Տ. Մուշեղ Աւ. Քհնյ. Թաշճեան եւ ներկայիս հովիւ` Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, իրենց սրտի ցանկութիւնները եւ ծուխի ապագային վերաբերեալ իրենց տեսլականները արտայայտեցին: Օրուան հանդիսավարն էր` Տիար Փօլ Խաչիկեան:

       Միջոցառման վերջաւորութեանը, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն Իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց Կոստա Մեսայի համայնքի անդամներուն` ըսելով. «այս օրը ուրախալի եւ հոգեպէս նոր շունչ տուող օր մըն է մեր հաւատքի կեանքին մէջ:  Քանզի եկեղեցւոյ եւ համայնքային հիմնադիրներու կողմէ կեանքի կոչուած այս գեղեցիկ ծրագիրը, որը համակուած է նոր ուժով եւ այդ նորի խոստումը կատարելու պարտաւորութեամբ եւ իրագործմամբ, արժանի է միայն գնահատանքի եւ օրհնութեան»: Սրբազան Հայրն Իր խօսքին մէջ  մէջբերում ընելով Արքեպիսկոպոս Դեսմունդ Տուտուի հետեւեալ միտքը, թէ «Աստուած երազ մը ունի». շարունակեց ըսելով. «Այսօր մենք ալ Աստուծոյ այդ նոյն երազն ունինք մեր հոգու մէջ եւ կոչուած ենք անխոնջ դեսպանները ըլլալու Տիրոջ կողմէ հիմնուած մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, ուստի պէտք է ամենայն մեծ սիրով, պատասխանատւութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ծառայենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ համայնքային կեանքին` առատօրէն նուիրելով մեր տաղանդներն ու շնորհները` ի փառս եւ ի գոհութիւն Աստուծոյ »:           

           Ապա Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եզրափակուեց օրուան հանդիսութիւնը:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ