Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Թանկագին Փոլին Պասմաճեանի Յիշատակին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Մարդ կայ հազար կ՚արժէ,

Հազար կան մէկ մարդ չեն արժեր»

Վեր՚ջերս ցաւով մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ Ֆրէզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցական, ՀԲԸՄիութեան ու մանաւանդ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի երկարամեայ նուիրեալներէն, բառին խորագոյն իմաստով լուսաշող «Lady» մը, Ընկերուհի Փոլին Պասմաճեան, խոր սուգի մատնելով միակ զաւակին՝ Վահանին, երեք թոռնիկներուն, եղբայրներուն, հարազատներուն եւ զինք մօտէն ծանօթ ընկեր ընկերուհիներուն։

Ողբացեալ Ընկերուհի Փոլին եւ իր նոյնքան բարի եւ հաճելի ամուսինը՝ Ընկ. Ճորճը, քաղցրախօսութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակելի ազգայիններ էին՝ այս ամոլին ներկայութիւնը որեւէ միութեան կամ կազմակերպութեան մէջ, պարզապէս յաւելեալ փայլք եւ մակարդակ կու տար այդ շրջանակին։

Հանգուցեալ Փոլին ծնած է Ապրիլ 29, 1939-ին Լիբանանի գեղատեսիլ Զահլէ քաղաքը։ Իր ծնողքը Սողոմոն եւ Լուսնթակ Քասնաքճեանները երկուքն ալ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Լիբանան հաստատուած վերապրածներ էին։

Ողբացեալ Փոլին կը յաճախէ ՀԲԸՄիութեան Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը։ Այդ տարիներուն է, որ Ողբ. Փոլին երգի արտակարգ ընդունակութիւն ի յայտ կը բերէ, երգի ուսուցիչին եւ տնօրէնութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Դպրոցական կամ գաղութային ձեռնարկներուն, այս դեռատի աղջնակը կը հրաւիրուէր երգելու ՀԲԸՄիութեան միջոցառումներուն, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը աւարտելէ ետք, Ողբ. Փոլին Լիբանանի հայահոծ Անճար քաղաքը կ՚անցնի եւ կը պաշտօնավարէ որպէս երգի ուսուցչուհի։

1960-ին Քասնաքճեան ընտանիքը Պէյրութ կ՚անցնին հոն Փոլին կը սկսի երգել զանազան երգչախումբերու մէջ, արժանանալով ժողովուրդին մեծ գնահատանքին եւ հիացմունքին։

1967-ին ծնողքին հետ կը տեղափոխուին ԱՄՆ-ի նախ Ֆրէզնօ քաղաքը, ուր 1969-ին Փոլին կ՚ամուսնանայ նոյնքան ազգային նուիրեալ անձի մը՝ յանձինս Ողբ. Ճորճ Պասմաճեանի հետ։ Փոլին եւ ամուսինը Նիւ Եորք կը տեղափոխուին եւ կարճ ժամանակ մը հոն կ՚ապրին։ Այդ տարիներուն Փոլին մաս կը կազմէ ՀԲԸՄիութեան երգի եւ պարի անսամպլին եւ որպէս մեներգչուհի ելոյթ կ՚ունենայ այս խումբին (Carnigic Hall) մէջ, արձանագրելով շռնդալից եւ մեծ յաջողութիւն։

Ապա Պասմաճեան ընտանիքը Սան Ֆրանսիսքօ կը տեղափոխուին, հոն եւս Փոլին եւ Ճորճ մաս կը կազմեն այդ քաղաքի ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Հոն էր որ կը բախտաւորուին իրենց միակ զաւակով՝ Վահան Պասմաճեանով, որ յետագային ամուսնանալով ան ալ երեք թոռնիկներ կը պարգեւէ Փոլինին եւ Ճորճին։ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ողբ. Փոլին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ երգչախումբին, եղած էր եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէնուհի, Ողբ. Փոլինինն եւ Ճորճին բնակարանը Սան Ֆրանսիսքօ այցելող ազգային գործիչներու տունն էր։ Այցելող կղերական կամ աշխարհական հիւրեր սիրալիր եւ ջերմութեամբ կը վայելէր այս ամոլին հիւրասիրութիւնը։ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղի ժողովները իրենց տան մէջ կ՚ըլլային։

Ողբ. Փոլին առանձին կը կազմակերպէր ՀԲԸՄիութեան Արեւմտեան Շրջանակային Պատգամաւորական Ժողովը, իրենց տան մէջ ընդունած եւ հիւրընկալած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Սան Ֆրանսիսքօ այցելութեան օրերուն։

Հանգստեան կոչուելէ ետք Պասմաճեան ամոլը Ֆրէզնօ կը հաստատուին, հոն եւս Ընկերուհի Փոլին կը շարունակէ իր ծառայութիւնները Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, կը կազմակերպէր նաեւ Ֆրէզնոյի մէջ համբաւ ունեցող «Tango and Choclate» պարի դասընթացքները, որ մասնակցողները Tango պարել սորվելէ ետք, իրենց ընկերային ժամին Choclate ուտելով կը զբաղէին։

Արտակարգօրէն ընկերային, բարեկիրթ եւ շնորհալի անձնաւորութիւն մըն է հանգուցեալ Փոլինը։ Ան առանձինը տասնեակ մը անձերու գործ կ՚ընէր։ Ամէն տեղ էր ան, ՀԲԸՄիութեան, եկեղեցի, Թէքէեանի եւ ՌԱԿ-ի շարքերէն ներս կը ծառայէր բոլոր միութիւններուն։

Մենք յաճախ Ֆրէզնօ կ՚այցելէինք եւ մինչեւ օրս ալ կ՚այցելենք այդ քաղաքը, հոն բաւական մեծ թիւով ծանօթներ եւ հարազատներ ունինք։

Ամէն անգամ որ Ֆրէզնօ գացած ենք եւ Ս. Պօղոս եկեղեցի երթանք, Ընկերուհի Փոլինը կը տեսնէինք, շատ ջերմութեամբ կը դիմաւորէր մեզ, միշտ ալ իր ջերմ հրաւէրը կ՚ընէր մեզի «եկէք մեզի երթանք ճաշ մը ուտենք», «եկէք մեզի երթանք սուրճ մը խմենք»,՛ըսելով կը հրաւիրէր մեզի, իսկ մենք հակառակ մեր ջերմ ցանկութեան ստիպուած էինք մերժել իրեն ըսելով «հաշուէ որ ճաշեցինք ձեզի հետ»։

Այսօր Ընկերուհի Փոլինին մահուան տխուր առիթով, ամէն բանէ աւելի Ֆրէզնոյի մեր շրջանակը պիտի սգայ անոր շէն ու շէնշող ներկայութեան բացակայութիւնը։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները իր զաւակին Վահան Պասմաճեանին, Քասնաքճեան եղբայրներուն, ՌԱԿ-ի Ֆրէզնոյի Մկրտիչ Աւետիսեան Ակումբի բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն։

Թող Ողբ. Փոլին Պասմաճեանին բարի յիշատակը յաւերժ ապրի բոլոր ծանօթներուն եւ ընկեր-ընկերուհիներու մտքին եւ սրտին մէջ։

«Յիշատակն արդարիւն օրհնութեամբ եղիցի»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ