ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.– Յունիս 2021ին, Ս. Ստեփանոս Ազգային վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 37րդ ուսումնական տարեշրջանը, հակառակ տիրող համաճարակին: Ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան 17 Յունիսին (մանկապարտէզ) եւ 18 Յունիս 18ին (նախակրթարան), ներկայութեամբ միայն աւարտողներու ծնողներուն:
Թէ՛ մանկապարտէզի եւ թէ նախակրթարանի շրջանաւարտները ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ հայկական պար: Առաւել՝ մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին փոքրիկ թատրերգութիւն մը, իսկ նախակրթարանի շրջանաւարտները կարդացին իրենց Հրաժեշտի ուղերձները:
Տնօրէնուհի տիկին Հուրի Պոյամեան յայտնեց, որ բոլոր կարգերը կրցան ամբողջացնել իրենց ուսումնական ծրագիրը, առաւել դպրոցը մեծ թիւով արտա-դասարանային ձեռնարկներ կազմակերպեց հեռավար կերպով, ինչպէս՝ Հայ Մշակոյթի օրուան, Վարդանանցի, Մայիս 28ի տօնակատարութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, գեղարուեստական ոլոյթներ, Ամերիկայի Հայկական թանգարան այցելութիւն եւ աւարտական դասարանի մէկ շաբաթով Հայաստան այցելութիւն: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, ծնողական մարմինին, դպրոցի խնամակալութեան ու յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանին եւ հոգաբարձութեան:
Անդրանիկ քահանան իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան՝ իրենց արդիւնաբեր աշխատանքին, իսկ աշակերտներուն` իրենց գեղեցիկ ելոյթին համար:
Տնօրէնուհին եւ եկեղեցւոյ հովիւը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:
17 Յունիսին, մանկապարտէզէն վկայական ստացան 15 աշակերտներ՝
Մոնա Արզունեան, Ալեք Աւագեան, Սամուէլ Պարսումեան, Էլէն Պոյամեան, Արենի Կարապետեան, Օլիվիա Ղազարեան, Արենի Համալեան, Սերոբ Խաչատուրեան, Հայկ Մարտիրոս, Այգի Միքայէլեան, Յովհաննէս Սարճընթ, Դավիթ Սիմոնեան, Լիանա Թոմսըն:
18 Յունիսին, նախակրթարանէն վկայական ստացան 14 աշակերտներ՝ Նելլի Աղաջանեան, Պելլա Թամպուրինի, Թալիա Թարապուլսի, Արմեն,Ղալայան, Դավիթ Հովհաննիսյան, Ստեփան Կիւզէլեան, Նարա Փօթուգեան Պեհպահանի, Աւետիս Պէլ, Կասիա Սարգիսեան, Տաթեւիկ Սարգիսեան, Լոռի Փանոսեան, Ճուլիա Քէպաճեան, Էմմա Ֆոնթէս, Իզապէլ Ֆոնթէս: