Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Pfizer Եւ Biontech Կ՛առաջարկեն Օգտագործել Պատուաստի Երրորդ Չափաբաժինը

Pfizer եւ BioNTech ընկերութիւնները պիտի առաջարկեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սննդանիւթերու եւ դեղամիջոցներու որակի առողջապահական հսկողութեան վարչութեան (FDA) եւ Դեղամիջոցներու եւրոպական գործակալութեան (EMA), որպէսզի համաձայնութիւն տալն քորոնա ժահրի դէմ պատուաստի երրորդ չափաբաժինին որպէս «պուսթըր»։ Այս մասին տեղեկացուցած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով Pfizer ընկերութեան գլխաւոր գիտաշխատող Միքայէլ Տոլսթենին։

«Պուսթերային» ներարկումի փորձարկման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ պատուաստի երրորդ չափաբաժինը կրնայ պէտք ըլլալ ամբողջական պատուաստումէն ետք 6-12 ամսուան ընթացքին՝ պաշտպանութեան բարձր մակարդակ ապահովելու համար։ Ընկերութիւններու տուեալներով՝ պատուաստումէն կէս տարի ետք, պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը՝ հիւանդութիւնը դիմադրելու հարցին մէջ կը նուազի, չնայելով որ ատոր արդիւնաւէտութիւնը՝ հիւանդութիւններու լուրջ ընթացքը կանխելու գործին մէջ կը մնայ բարձր։

«Հետազօտութեան ելակետային տուեալները ցոյց կու տան, որ «պուսթերային» չափաբաժինը, որ կը ներարկուի երկրորդ դեղաչափէն 6 ամիս ետք, յառաջ կը բերէ դիմադրողական պատասխան հակամարմիններու «թիթր»-երով, որ 5-10 անգամ աւելի բարձր են, քան երկու դեղաչափէն ետք»,- ըսուած է ընկերութիւններու միատեղ յայտարարութեան մէջ։

Տոլսթեն կը հաւաստիացնէ, որ «պուսթերային» դեղաչափը կրնայ պահել քորոնա ժահրի բոլոր տարբերակներու դէմ արդիւնաւէտութեան բարձր մակարդակը, ներառեալ «տելթան»։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ