Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Նոր Յաղթանակ Մը

Գոնկրէսական Ատամ Շիֆ 950 Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Ապահովեց

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2021-ին Գոնկրէսի հայկական համախմբումի փոխ ատենապետ Ատամ Շիֆ յայտարարեց, թէ դաշնակցային 2022-ի ամավարկի նախագիծին մէջ 950 հազար տոլարի աջակցութիւն մը ապահոված է Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ Ամերիկեան Թանգարանի մշակութային կեդրոնին համար։

Ձախէն աջ՝ Ընկերներ Խաչիկ Ճանոյեան եւ Դաւիթ Սամուէլեան

«Ամերիկահայերը կարեւոր մէկ մասնիկն են այս երկրին, եւ անոնք իրենց աւանդութիւններով, մշակոյթ եւ աշխոյժ համայնքներով հարստացուցած են զայն։ Անոնց պատմութիւնը Ամերիկայի ժողովուրդի պատմութեան պէս յոյսի եւ յարատեւման դրսեւորումն է զանազան դժուարութիւններու դիմաց։ Թանգարանը այս պատմութիւնն է, որ պիտի մատուցէ գալիք սերունդներու», յայտնեց գոնկրէսական Ատամ Շիֆ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք գոնկրէսական Ատամ Շիֆը թանգարանի այս ծրագրին միշտ զօրակցելու եւ քաջալերելու համար, ըսաւ թանգարանի գործադիր մարմնի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։

Խ.Ճ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ