Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդասպան Մժեղները

Պատրաստեց՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Մէկ ու կէս տարիէ աւելի աշխարհը՝ հաշմուած վիճակին մէջ, ահ ու սարսափով ունկնդիրը կ’ըլլայ օրէ-օր աճող մահուան թիւին, զոր կը տարածէ «քորոնա» կոչուող չարաբաստիկ ժահրը: Ընդհանրապէս հանրութիւնը, մարդը շատ դիւրութեամբ հոգեբանական ճնշումի, խուճապի եւ վախի կ’ենթարկուի, ահ ու սարսափի մէջ կ’իյնայ: 

Այն, որ այո՛, այդ տհաճ ժահրը կը թեւածէ մեր սիրելի երկիր մոլորակի ամբողջ տարածքին՝ իրականութիւն է, եւ անշուշտ պէտք է բոլորս կիրառենք մաք-րութեան  պահանջուած կանոններն ու նախազգուշական միջոցները ձեռնար-կենք: Սակայն՝ առանց վախի եւ խուճապի:

Հոգեբանները պարզած են, թէ որքան շատ լսենք եւ կարդանք այդ մասին, այնքան շատ կը ներշնչենք եւ կը վախնանք: Հոգեպէս քիչ մը աւելի տկարներ կրնան մինչեւ իսկ հոգեկան հիւանդութիւն ձեռք ձգել:

Ձեզի իրական դէպք մը պատմեմ: Ընկերուհիներէս մին մեծ շուն մը ունի: Քորոնայի հետեւանքով համընդհանուր բանտարկութեան ենթարկուելէ յետոյ ալ, սովորութեան համաձայն, իր աղջիկը կը շարունակէ ամէն օր շունին պտոյտի տանիլ… Առաջին երկու օրերը, երբ ներս կը մտնեն, ընկերուհիս կ’ըսէ շունին. «Առջեւ չգաս, դուրսը քորոնա կայ, թաթիկներդ պարզէ՝ մաքրեմ, վերջը տուն մտիր»: Երրորդ օրուընէ սկսեալ, շունն այլեւս ներս մտնելուն պէս ինքնակամ կը նստի դուռին առջեւ ու խելոք-խելոք թաթիկները մայրիկին կը պարզէ… Այսքանով չի վերջանար… Երբ տունին մէջ «քորոնա» բառը հնչէ, խեղճ շունը՝ ուր որ ալ ըլլայ, վազելով կու գայ եւ թաթիկները կը պարզէ մօրը…   

Եկէ՛ք զգօն եւ արթուն միտքով մտածենք. չէ՞ որ աշխարհի տարածքին բնական աղէտներու, տարբեր փոխանցիկ հիւանդութիւններու, ահաբեկչութեան կամ որեւէ գիշատիչ կենդանիի յարձակման արդիւնքին եւ զանազան այլ պատ-ճառներէն օրական աւելի մեծ թիւով մարդիկ կը մեռնին, իսկ տարեկան՝ միլիոնաւոր մարդիկ: Ինչո՞ւ խուճապի չենք մատնուիր…., որովհետեւ այդ մասին չեն թմբկահարեր, կամ հազուադէպ՝ իբրեւ վիճակագրական տուեալ երբեմն կը հաղորդուի:

Իսկ գիտէ՞ք թէ….

Կը պարզուի տարեկան ամենաշատ մարդկային մահուան պատճառ կը հան-դիսանան… մժեղները: Սակայն քանի որ այդ իրողութիւնը անդադար, ամէն օր եւ ամէն հնարաւոր միջոցներով չի շեփորահարուիր, հետեւաբար հանրութիւնը հոգեբանական ճնշման չի ենթարկուիր, մարդը չի վախնար մժեղէն եւ կարեւորութիւն ալ չի տար անոր խայթոցին:

Իսկ մժեղը ինչպէ՞ս մարդ կը սպանէ: Յստակ է որ ատիկա պարզ խայթոցէն չ’ըլլար, չնայած կը պատահին նաեւ այնպիսի դէպքեր, երբ բազմաթիւ խայթոցներէն մարդը մահացած է պարզապէս արեան կորուստէն: Հարցն այն է որ մժեղները կը տարածեն այնպիսի վտանգաւոր հիւանդութիւն մը, ինչպիսին մալարիան է: Մալարիան եղած է եւ կը մնայ մարդկային կեանքի համար ամենավտանգաւոր հիւանդութիւններէն մէկը (ուրիշ փոխանցիկ, վտանգաւոր հիւանդութիւններ շատ եկած-անցած են, սակայն մալարիան մնայուն տեղ գրաւած է մոլորակին վրայ)։

Նոյնիսկ մեր ապրած՝ 21–րդ դարու սկզբին, մալարիայով ամէն տարի կը վա-րակուի 350–500 միլիոն մարդ, եւ այդ թիւը տարեկան 16 % կ’աւելնայ, իսկ մեռնողներուն թիւը տարեկան կը կազմէ՝ միջինը 1,3–3 միլիոն մարդ։ Մալարիայէն մահացութեան կրկնակի աճ կը սպասուի յառաջիկայ 20 տարի-ներու ընթացքին:

Ներկայիս մալարիան առաւել տարածուած է Ափրիկէի, Հարաւային Ամերի-կայի եւ Արեւելեան Ասիոյ մէջ: Վերջին հազարամեակի ընթացքին՝ մահա-ցութեան դէպքերով մալարիան դարձած է առաջինը վարակիչ հիւանդու-թիւններու ցանկին մէջ, որոնցմէ աւելի քան 80 %–ը տեղի կ’ունենայ Ափրիկէի հարաւային մասը՝ Սահարայի տարածաշրջանէն ներս։ Յատկապէս շատ են մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու վարակուածութեան եւ մահացութեան դէպ-քերը։

Մալարիա հիւանդութիւնը կ’առաջանայ այն ժամանակ, երբ մալարիայի նախակազմահիւթերով՝ փլազմոտիումներով վարակուած էգ մժեղը կը խայթէ մարդուն: Փլազմոտիումը ո՛չ ժահր (virus) է, ո՛չ ալ ցպիկներ (bacteria), ան այս երկու խումբերու միջեւ միջանկեալ դիրք գրաւող ներբջիջային մակաբոյծ (parasite) մըն է: Փլազմոտիումները ներթափանցելով մարդուն մարմինին մէջ՝ կը զարգանան կարմրաբջիջներու (erythrocyte) մէջ՝  քայքայելով անոնց: Արդ-իւնքին պարբերաբար կը բարձրանայ մարմինին ջերմաստիճանը, բարդու-թիւններ եւ այլ նախանշաններ կ’առաջանան:

Մալարիայի բուժման համար իւրայատուկ դեղ գոյութիւն ունի՝ խինինը, որ չի գործածուիր որեւէ այլ հիւանդութիւն բուժելու համար: Նախկինին այն կը ստանային խինինի ծառի կեղեւէն, որ կարմիր հնդիկները (այսօր ալ) կ’օգտագործեն որպէս ջերմութիւնը իջեցնող բնական դեղամիջոց:

Մարդու յառաջացման հետ զարգանալ սկսած են այս հիւանդութեան մակաբոյծները, որոնք ընդունակ եղած են մժեղէն մարդուն փոխանցուիլ։ Կ’ենթադրուի, թէ մարդիկ մալարիայով հիւանդանալ սկսած են մօտաւորապէս 50 000 տարի առաջ։ Մէկ այլ կարծիքի համաձայն, հիւանդութեան յարուցիչի հայրենիք կարելի է համարել Ափրիկէ մայրցամաքի արեւմտեան եւ  հարաւային մասերը, ուր յայտնաբերուած հնագոյն քարացած մժեղներու մնացորդներու մէջ բացայայտուած մալարիայի մակաբոյծի հետքերու տարիքը մօտաւորապէս 30 000 000 տարի կը կազմէ։

Իսկ առաջին ձեռագիրները, որոնց մէջ բնութագրուած է մալարիա հիւան-դութիւնը, յայտնաբերուած են Չինաստանի մէջ, որոնք կը թուագրուին Ք.Ա. 2700–ական թուականներուն։

Շատ հռչակաւոր մարդիկ մեռած են այս հիւանդութենէ. Ալեքսանդր Մակե-տոնացի, Ուեսթկոթերի արքայ Ալարիխ, Չինկիզ խան, Սուրբ Աւկիւսթին, իտալացի յայտնի բանաստեղծ Դանթէ Ալիկիէրի եւ նկարիչ Քարաւաճօ, հռո-մէացի կայսր Քարլ 5–րդ, Քոլոմպոս, անգլիական յեղափոխութեան առաջնորդ Օլիվըր Քրոմվէլ, անգլիացի յայտնի գրող ՃորՃ Կորդըն Պայրոն, գերմանացի բանաստեղծ Ֆրիտրիխ Շիլլեր, Հռոմի 5 պապեր եւ այլք:

Հետաքրքրական է որ 20–րդ դարու սկիզբը՝ մինչեւ մանրէասպաններու (antibiotic) յայտնագործումը սիֆիլիս հիւանդութիւնը կը բուժէին հիւանդին մալարիայով վարակելու միջոցով: Մալարիայով հիւանդանալը կ’ապահովէր հիւանդին մարմինին բարձր ջերմութիւնը, ինչը եւ կը բուժէր սիֆիլիսը: Ապա կը բուժէին մալարիան՝ խինինով: Նոյնիսկ, եթէ որոշ հիւանդներ մալարիայէն մեռնէին,աւելի նախընտրելի էր, քանի որ ատիկա աւելի դիւրին եւ պատուաւոր մահ էր, քան վեներական հիւանդութենէ մեռնիլը:

*  *  *

Ծանօթանանք Մարդասպան Մժեղներուն – Մժեղներու հազարաւոր տեսակներ տարածուած են Երկիր մո-լորակի հինգ մայր ցամաքներու վրայ, բացի Անթարքթիտայէն (գիտնականները վերջերս բացայայտած են որ ցրտա-դիմացկուն մժեղներ սկսած են յառաջա-նալ նաեւ հոն):

Բազմացման շրջանին մժեղները այնքան կը բազմապատկուին, որ ըստ աճման թուաքանակի անոնց կը գերազանցեն միայն մրջիւնները:

Մժեղները կը թռչին 3,2 քմ/ժ արագութեամբ, թեւերը թափահարելով 500-600 անգամ (որոշ տեսակներ նոյնիսկ 1000 անգամ) մէկ վայրկեանի ընթացքին: Այդ թափահարումէն կ’առաջանայ տզզոցը, որ միատեսակ չէ. էգ մժեղներու տզզոցը արուներու տզզոցէն կը տարբերի, իսկ տարիքով մեծերն աւելի ցած ձայնով կը տզզան:

Եթէ օդին մէջ տզզացող խումբ մը մժեղներ տեսնէք, պէտք չէ մտահոգուիք. ատիկա արուներն են, որոնք մէկտեղուած են… հարսանիքի համար…

Մժեղները չեն սիրեր շատ տաք օդը եւ +28°C ու աւելի ջերմաստիճանի ժամանակ գոց տեղեր կը պահուըտին:

Մժեղները ամէնէն աւելի երեխաներուն կը խայթեն, ինչպէս նաեւ աւելի յաճախ՝ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն: Արու մժեղները մարդոց չեն խայթեր. անոնք ծաղիկի նեկտարով կը սնանին:

Այս միջատները բնաւ չեն սիրեր՝ ծխախոտի, մեխակի, էվկալիպտի (լատ.՝ Eucalyptus-յայտնի է նաեւ նուէնի, տենդածառ անուններով), եւ կատուա-խոտի (լատ.՝ Valeriána) հոտերը: Հետեւաբար, տունին մէջ եթէ տեղադրէք այս բոյսերէն ճիւղ մը, ապահովուած կ’ըլլաք այդ տհաճ միջատի խայթոցէն:  

* * *

Առողջութեան Եւ Վարակներէն Զերծ Մնալու Բարեմաղ-Թանքներս Բոլորիդ…

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ