Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապաքինման Մաղթանք

Հայց. Առաքելական մայրենի եկեղեցւոյ բազմավաստակ եւ թանկագին հոգեւորականներէն, Աստուածաբանական ծովածաւալ գործերու եւ շահեկան յօդուածներու հեղինակ, «Աստուծոյ բանին» հմուտ քարոզիչ, մամուլի բազմաբեղուն աշխատակից մեր շատ սիրելի Դոկտ. Տէր Զաւէն Ա. Ք. Արզումանեան Կլենտէյլ Սիվընթ Ատվանթիստ հիւանդանոցի մէջ, գործողութեան մը ենթարկուեցաւ։

Ուրախ ենք հաղորդելու, որ գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ այժմ մեր սիրելի Տէր Հայրը տուն վերադարձած է եւ ապաքինման շրջան մը կ՚անցնէ։

Կատարեալ առողջութիւն եւ անսպառ եռանդ կը մաղթենք Դոկտ. Տէր Զաւէն Ա. Ք. Արզումանեանին։

Թող անոր գրիչը եւ մտաւորական պաշարը անսպառ հոսի հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մամուլի անդաստանէն ներս։

ՌԱԿ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» երկլեզու շաբաթաթերթի վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Բարձրօրէն կը գնահատեմ ՌԱԿ-ի արեւմտեան ափի եւ Նոր Օր շաբաթաթերթի խմբագրութեան կողմէ ինծի ուղղուած օրհնաբեր մաղթանքներուն համար։ Որքան ազնիւ էք բոլորդ որքան սիրելի իմ Շաբաթաթերթին բերելիք յաւելեալ աշխատակցութեան համար։ Ձեր ազնուագոյն մաղթանքները անպայման քաջալեր հանդիսացան ինծի։ Քաղցր շնորահակալութեամբ Աղօթարար՝
    Տէր Զաւէն Աւագ Քհնյ Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ