Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Կանուխ Դպրոց Յաճախելը Վնասակար՝ Փոքրիկներու Համար

Այն փոքրիկները, որոնք շատ կանուխ կ՛ընդունուին առաջին դասարան, աւելի հաւանական է, որ սորվելու դժուարութիւններ ունենան: Աւելին, պատանեկութեան ընթացքին, անոնք աւելի հաւանական է, որ ունենան թմրամոլութեան կամ ալքոլի վերաբերեալ հարցեր: Այս մասին նախազգուշացուցած են Լոնտոնի Քինկ քոլէճի հոգեբուժութեան, հոգեբանութեան եւ նեարդաբանութեան հիմնարկի եւ Քարոլինսքայի հիմնարկի եւ Օրեպրոյի համալսարանի գիտնականները:

Ինչպէս նշած է The Daily Mail-ը, գիտնականները նկատած են, որ ամռան եղանակին ծնած մանուկները, որոնք դասարանին մէջ ամէնէն փոքրն են, յաճախ կը տառապին ուշադրութեան պակասի, «հայփըր աքթիվութեան» խանգարումով: Անոնք աւելի հաւանական է, որ դժուարութիւն ունենան սորվելու: Այդ բոլորին պատճառը՝ առաջին դասարանի աշակերտներու՝ ուսման պատրաստ չըլլալն է: Օրինակ, փոքրիկը կրնայ չընդունուիլ իր դասընկերներուն կողմէ, որովհետեւ ան գրեթէ մէկ տարի ետ կը մնայ իր դասընկերներէն: Գիտնականներու համաձայն՝ կանուխ զարգացումը երբեմն կը վնասէ փոքրիկին:

«Մանկութեան կանուխ փուլերուն, մէկ տարին զգալի տարբերութիւն է հասունութեան, վարքի եւ ճանաչողական կարողութիւններու առումով»,- բացատրած է համահեղինակ Ճոնա Քունցին:
Գիտնականները ուսումնասիրած են 1990-էն 1997 թուականներուն ծնած մօտաւորապէս 300.000 շուէտացիներու տուեալները: Բոլոր կամաւորներուն հետեւած են ծնունդէն մինչեւ 23 տարեկան:

Ուշադրութեան պակասի եւ «հայփըր աքթիվութեան» խանգարում ունեցող փոքրիկներու մօտ նիւթերու չարաշահումի 23 առ հարիւր եւ սորվելու դժուարութիւն ունենալու 12 առ հարիւր հաւանականութիւն կար: Առանց նման ախտորոշում չունեցող փոքրիկները գրեթէ երկու անգամ աւելի քիչ կ՛ենթարկուէին թմրանիւթերու կամ ալքոլի (14 առ հարիւր) ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ 17 առ հարիւրով աւելի յաճախ կը տառապէին «տիփրէշըն»-է:

Գիտնականներու կարծիքով՝ գիտական ​​աշխատանքի արդիւնքները ճիշդ չեն բոլոր երկիրներու համար, որովհետեւ տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր կրթական համակարգեր կը գործեն:

Afhil.com

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ