Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեղի Ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Հովանու Ներքոյ Գործող Sound Of Children Ամառնային Ճամբարի Հաշուետու Հանդէսը Եւ Փակման Արարողութիւնը

16 Յուլիս, 2021-ի երեկոյեան` Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հովանու ներքոյ գործող Sound of Children մշակութային կեդրոնի կողմէ կազմակերպած ամառնային ճամբարի հաշուետու հանդէսը, որին ներկայ գտնուեցին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ` Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը, թեմի մի շարք եկեղեցականներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, հարազատներ եւ այլոք:

Հաշուետու հանդէսը բացուեցաւ Տէրունական <<Հայր Մեր>> աղօթքով, որմէ վերջ, Ճամբարի տնօրէն տիկին Նունէ Մովսէսեանը ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօրը Իր հայրական հոգածութեան եւ մշտամնայ խնամքի համար, ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճամբարի մասնակից երեխաներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն: Այնուհետեւ տրուեցաւ հանդէսի մեկնարկը, յընթացս որու փոքրիկները իրենց գեղեցիկ արտասանութիւններով, ազգային երգերով եւ կատարումներով հիացուցին ներկաները:

Հանդէսի վերջաւորութեանը, խօսք առաւ Արեւմտեան Թեմի հովանու ներքոյ գործող Sound of Children կենտրոնի տնօրէն տիկին Սիրվարդ Գաւուգճեանը, ով ներկաներուն ներկայացուց այս տարուայ ամառնային ճամբարի գործունէութեան եւ հանդէսի կազմակերպման ընթացքը, նշելով նաեւ, որ սա կարեւոր եւ առանցքային ձեռքբերում մըն էր համաճարակային սահմանափակումներէն յետոյ: Տիկին Սիրվարդ Գաւուգճեանը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. ՏԷրտէրեանին, ապա սիրով հրաւիրեց Սրբազան Հօրը Իր հայրական խօսքը փոխանցելու համար:

 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. <<Սիրելի տիկին Գաւուգճեան` ճարտարապետ Sound of Children ծրագրի, սիրելի ուսուցիչներ, ծողներ, հիւրեր, ներկաներ եւ անչափ սիրելի մանուկներ, երբ հրճուանքով կը լսէինք մեր փոքրիկներու սրտերէն բխում առած բառերը, ակամայից կը զգայինք թէ որքա~ն  կեանք կայ արտասանուած ամէն մէկ բառին մէջ, որոնք կ’արտացոլէին անոնց հոգիներու մէջ ամփոփուած Աստուածային սէրը` փոխանցելով մեզ, իւրաքանչիւրիս հոգուն եւ էութեանը:

 Տարակոյս չունենք, որ դուք սիրելի ծնողներ, այս երեկոյին առաւել եւս հպարտ զգացիք, քանզի ձեզանից իւրաքանչիւրի զաւակը իր ներկայութեամբ կը խորհրդանշէ Հայաստանի ներկայութիւնը, մեր մայր երկրի ներկայութիւնը` Սուրբ Էջմիածնի հովանիի ներքոյ:

Այս երեկոյի տօնական գեղեցիկ հանդէսը, որի գլխաւոր ճարտարապետն է ազնուաշուք տիկին Սիրվարդ Գաւուգճեան եւ ով արժանի է բացառիկ ծափահարանքի եւ մեծարանքի, ինչպէս նաեւ այս տարուայ ամառնային մեր ճամբարի տնօրէն տիկին Նունէ Մովսէսեանին եւ իր բոլոր աշխատակիցներուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը:

 Սիրելի փոքրիկներ, երբ ամեն առաւօտ այստեղ, այս հրապարակի վրայ աղօթք կը կատարէիք, ես յաճախ ձեզ հետ լինելով եւ երբեմն ալ իմ սենեակէն լսելով ձեր ձայնը, կը զգայի, թէ ինչպէս արշալոյսի առաւօտեան ջերմ արեւը կը լուսաւորէ  մեզանից իւրաքանչիւրի կեանքը եւ հոգին: Այս պահին կ’ուզեմ փառք տալ Աստուծոյ,  շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւրիդ նաեւ սիրելի ծնողներ, որ ձեր այս հրաշք երեխաները, մանուկները, պատանիները կը վստահէք մեզ այս մէկ ամսուայ ընթացքին, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ ջերմագին ծոցին մէջ աւելիով սովորեն հայոց լեզուն, հայ երգը դարձնեն նաեւ իրենց սրտի թրթռացումը, իրենց հոգու մէջ զգան նաեւ սէրը մեր մայր երկրի եւ անշուշտ ամենից կարեւորը` իրենց հոգու, էութեան մէջ զգան հայու հպարտ եւ անպարտ ներկայութիւնը:

 Սիրելիներս, մեր կեանքի ճանապարհը մշտապէս եղած է պայքարի ճանապարհ, բայց մենք միշտ էլ յաղթող ենք եղած այդ ճանապարհին, աւելի քան 1700 տարիներու Քրիստոնեայ Հայաստանը, ինչպէս Քրիստոսի կեանքի ճանապարհը` եղած է յաճախ իբրեւ խաչի ճանապարհ, Գողգոթայի ճանապարհ, տառապանքի ճանապարհ, բայց այդ ամենով հանդերձ եղած է նաեւ յարութեան եւ յաղթութեան ճանապարհ, ուստի այս երեխաները մեզի համար յաղթանակի ճանապարհն է, որ կը խորհրդանշեն:

Սիրելի ներկաներ, ես կ’ուզեմ յատուկ կերպով անգամ մը եւս իմ խորին գնահատութիւնը յայտնել անձնապէս եւ մեր հոգեւորականաց անունից, բոլորիդ անխտիր, հաւաքական աշխատանքով, միասնական սիրով եւ կամքով, հաւատքի նաեւ տոկունութեամբ եւ եռանդով, մենք ուր էլ որ լինենք մեր հայեացքը դէպի Հայաստան եւ դէպի Սուրբ Էջմիածին ուղղելով պէտք է պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը եւ մեր քրիստոնէական նկարագիրը: Մեր աղօթքն է, որ Աստուած պահէ, պահպանէ մեր ազգը, մեր հայրենիքը եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդը:

 Մենք բարի սովորութիւն ենք ունեցած, առաւօտները մեր երեխաներու հետ միասին աղօթք ասելու: Սիրելի փոքրիկներ, ուզում եմ, որ այս պահուն, ինչպէս որ ամէն առաւօտ, հիմա էլ կրկնէք աղօթքի այս գեղեցիկ բառերը` ձեր ծնողներու եւ աշխարհի խաղաղութեան համար, ուստի միասնաբար բարձր ձայնով, որպէսզի Աստուած լսէ ձեր աղօթքի ձայնը:

 Աստուած իմ, լսիր իմ աղօթքը,
 Պահիր, պահպանիր իմ ծնողներուն, իմ հարազատներուն,
 Խաղաղութիւն շնորհիր համայն աշխարհին,
 Խաղաղութիւն` Մայր Հայաստանին,
 Բարգաւաճ կեանք` մեր ժողովուրդին:
 Պահիր, պահպանիր եւ օրհնիր մեր ուսուցիչներուն,
 Բոլոր ծառայողներուն, որպէսզի ունենան ուժ եւ եռանդ,
 Հաւատքի զօրութիւն, մեզ առաջնորդելու համար` դէպի
 Յոյսի եւ լոյսի նաւահանգիստ: 

Ապա Սրբազան Հայրը Իր խ օսքն աւարտեց` մաղթելով բոլորին ուժ, կորով եւ անսպառ նուիրում` մանուկներու հայեցի դաստիարակման այս սուրբ գործին մէջ>> :

* * *

 23  Յուլիս, 2021 թ, կէսօրին` Առաջնորդարանի <<Գալայճեան>> սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հովանու ներքոյ գործող Sound of Children ամառնային ճամբարի փակման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ընթացքին Ճամբարի երեխաները բեմադրեցին <<Ալլադին>> հեքիաթային ներկայացումը: Ապա Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ` Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը ընթերցեց եւ Ճամբարի տնօրինութեանը յանձնեց Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. ՏԷրտէրեանի օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը: Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց նաեւ հիւրաբար այդ օրերուն Արեւմտեան Թեմ այցելութիւն տուած` Մայր Աթոռի Ս. Էջմիածնի Հայորդաց Տներու հոգեւոր տեսուչ` Տ. Մաղաքիա վրդ. Ամիրեանը, որմէ յետոյ տօնական յայտագիրը փակուեցաւ <<Պահպանիչ>> եւ <<Հայր մեր>> աղօթքներով։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ