Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Որքանո՞վ Վարակիչ Է Քորոնա Ժահրի Տելթա Տարբերակը

Քորոնա ժահրի «տելթա» տարբերակը COVID-19-ի պատճառ կը դառնայ՝ աւելի ցած ժահրային ծանրաբեռնուածութեան պարագային, քան Ուհանի տարբերակը: Նման կարծիք յայտնած է Լապինոյի «Մօր եւ մանկան» քլինիքային հիւանդանոցի մանկաբոյժ Անտոն Ռավտին:

Մասնագէտը նշած է, որ «տելթա» շտամը վարակիչ է ջրծաղիկին նման: Անիկա, մինչեւ օրս, վարակիչ ժահրային վարակներէն մէկը կը նկատուի:

Նոր շտամի աւելի վարակիչ ըլլալը կը բացատրէ COVID-19-ով հիւանդներու թիւի աճը՝ ծանր ձեւով: Աւելին, փոքրիկները շատ աւելի յաճախ սկսած են վարակուիլ նոր շտամով, քան ժահրի սկզբնական շտամով:

Գիտնականները վարակին վարակիչ ըլլալը կը գնահատեն «R0 փարամիթըր»-ով՝ վերարտադրութեան հիմնական «ինտեքս»-ով: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ քանի՞ մարդ կը վարակէ մէկ հիւանդը ոչ վարակիչ համախմբումի մէջ: Այդպէս, եղանակային «կրիփ»-ի R0-ը միջինը կը կազմէ 1.6, իսկ 1980 թուականին արմատախիլ եղած ջրծաղիկի պարագային՝ 3.5 -էն 6: Կարմրուկի պարագային՝ «R0 ինտեքս»-ը 15 է:

SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի վարակիչ ըլլալը համավարակի սկիզբը, երբ շրջանառութեան մէջ էին Ուհանի տարբերակները, կը գնահատէին «կրիփ»-էն քիչ մը աւելի բարձր՝ մօտաւորապէս 2: SARS եւ MERS ժահրերը՝ համապատասխանաբար 3 եւ 0.5:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոններուն համաձայն՝ քորոնա ժահրի «տելթա» տարբերակին համար R0-ը 5-էն 9.5 է, որ բաղդատելի է ջրծաղիկին հետ (R0 = 9-10):

Աւելին, քորոնա ժահրէն մահացութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան «կրիփ»-էն, բայց բաղդատելի է «տիֆթերիա»-էն մահացութեան հետ, յայտնած է ժահրերու մասնագէտ Սերգէյ Նեթիոսով:

«Ջրծաղիկէն մահացութեան մակարդակը կազմած է 30 առ հարիւր, քորոնա ժահրէն մահացութիւնը՝ 3 առ հարիւր: Եթէ բաղդատենք գոյութիւն ունեցող հիւանդութիւններու հետ, ապա մեծերու մօտ «տիֆթերիա»-էն մահացութիւնը 3-էն 10 առ հարիւր է»,- նշած է գիտնականը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ