Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Դարձեա՞լ Ազգային Օր . . .

Ազգային օրերը անհամար են ամերիկայի մէջ։ Կարգ մը ազգային օրեր կառավարութեան կողմէ չեն հռչակուած, այլ առեւտրական հաստատութիւններու կողմէ։ Ինչո՞ւ, որպէսզի ազգային օր հռչակուած արտադրութիւնը աչքի զարնէ եւ անոր առուծախը զարգանայ՝ շուկայի վրայ։ Դրամատիրական երկիր մը միշտ դրամ շահելու հետամուտ կ՛ըլլայ, նորութիւն մը չէ սա։

Ահաւասիկ շուկայական այդ ազգային օրերէն մին է Յուլիս 8-ը, որ կը կոչուի հապալասի (blueberry) ազգային օր։ «Շինծու» այդ ազգային օրուան առիթով, ABC հեռուստատեսիլի Նիւ Եորքի կայանը հրաւիրած էր Ճորճ Տուրանը, որ հապալաս պարունակող նրբաբլիթով (pancake) բուրգ մը կազմէ։

Տուրան կ՛ուզէր իր այդ բուրգով (տես նկարը) նոր մրցանիշ մը հաստատել եւ այդպէսով մուտք գործել Guinness Book of Records-ի մէջ։ Հոս պէտք է նշեմ որ այդ բուրգի վերջին մրցանիշը եղած է 3 feet and 4 inches, այսինքն 101.6 սանթիմեթր։ Սա ալ ըսեմ որ նկարին մէջ Ճորճ չերեւիր, քանի բուրգին ետեւը մնացած է։

Իսկ ո՞վ է Ճորճ Տուրանը։ Ան Վենեզուելլա ծնած եւ Միացեալ նահանգներու քաղաքացի դարձած խոհարար եւ գիրքերու հեղինակ մըն է, որ ժամանակ առ ժամանակ կը հրաւիրուի հեռուստատեսիլի կայաններու կողմէ՝ որպէս հիւր հաղորդաշար եւ զուարճացնող (entertainer)։

Միշտ նկատի պէտք է առնենք որ հեռուստատեսիլի կայաններ օրական երեքէն չորս ժամ լուր կը հաղորդեն։ Ուրեմն, իրենց նիւթ պէտք է որ այդ ժամերը ամբողջացնեն եւ եթէ կարեւոր լուր չկայ որ հաղորդեն, շինծու լուրեր կ՛ստեղծեն։

Ահաւասիկ վերոյիշեալ լուրը՝ «Հապալասի Ազգային Օր», այդ շինծու լուրերէն մին է։ Դժբախտաբար սա իրականութիւն մըն է ամերիկայի մէջ՝ որուն հետ պէտք է հաշտուինք, կամայ-ակամայ ու վերջ . . .

Պսակաձեւ Ժահրի անախորժ Հետեւանքները . . .

Ամերիկայի կառավարութեան պետական թէ գիտական հաստատութիւններու պաշտօնակատարներ առօրեայ իրենց խրատներով կը ջանան համոզել երկրի քաղաքացիները, որ պատուաստուին վերոյիշեալ ժահրի դէմ։ Սակայն կան մարդիկ որոնք զանազան պատճառներով տակաւին կը դժկամին ենթարկուիլ այդ աղաչանքներուն։

Ոմանք կ՛առարկեն թէ այդ պատուաստը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թոյն՝ որ կը սրսկուի իրենց մարմիններուն մէջ։ Ուրիշներ կը խորհին թէ եթէ զգոյշ ըլլան, չեն վարակուիր . . . Տակաւին կան ուրիշներ որոնք կրօնական համոզումներու հետեւելով, չեն ուզէր սրսկուիլ։

Ուրեմն ամերիկայի տարածքին ցարդ պատուաստուողներու թիւը միայն բնակչութեան 48 տոկոսն է, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ այդ տոկոսն է 51.73։ Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ քաղաքներէն Լոնկ Պիչը տարօրինակ առաջարկով մը կ՛ուզէ իր քաղաքացիները հրաւիրել որպէսզի պատուաստուին անոնք։ Իսկ ի՞նչ է այդ առաջարկը, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Վերոյիշեալ քաղաքի պատասխանատու պաշտօնակատարներ պատրաստ են իւրաքանչիւր պատուաստուող անձի տալ գլանիկ մը որ կը պարունակէ մոլախոտ (տես նկարը), այսինքն՝ weed։ Իսկ պարզ բառերով այս կը նշանակէ marijuana, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ մեր գիտցած թմրեցուցիչ խոտը։ Այս արտասովոր հիւրասիրութեան միակ պայմանը ան է որ անձը ըլլայ 21 տարեկանէն վեր։

Կրնա՞ք երեւակայել որ պետական մարմինները յուսահատութեան այն աստիճանի հասած են որ ստիպուած են թմրեցուցիչ հայթայթել, որպէսզի մարդիկ պատուաստուին պսակաձեւ ժահրի համաճարակի արգիլման համար . . . Անոնք արդեն պատրաստած են 4,000 գլանիկ, ի պահանջել յարկին տալու անոնց՝ որոնք կը դիմեն պատուաստուելու։

Է՜հ, ի՞նչ օրերու հասանք մեր երբեմնի երազային ամերիկայի մէջ։ Հիմա պիտի ըսէք որ թող անոնք չպատուաստուին եւ վերջ, սակայն անոնց չպատուաստուելով՝ մնացեալ ժողովուրդը վտանգի կ՛ենթարկեն եւ անոնց ազատութիւնը կը կաշկանդեն, չէ՞ք խորհիր!

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ