Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Շրթունքները Պէտք Է Պաշտպանել Արեւու Ճառագայթներէն

Շրթունքներու մաշկը նոյնքան խոցելի է արեւու ճառագայթներու նկատմամբ, որքան մարմնի այլ բաժիններու մաշկը՝ անիկա նոյնպէս կրնայ այրիլ, աւելին՝ կրնայ մաշկի քաղցկեղ յառաջանալ:

Շրթունքներու այրուածքներու ախտանիշներ են.

  • շրթունքներու կարմրութիւն, ուռուցք,
  • շրթունքներու մաշկի բարակութեան եւ խոցելիութեան զգացողութիւն,
  • ցաւոտ զգացողութիւններ,
  • բշտիկներ շրթունքներուն վրայ, որոնք, ի տարբերութիւն «հըրբըս»-ի, փոքր բշտիկներ են՝ լեցուած հեղուկով, այլ ոչ թէ թարախով:

Ծանր պարագաներուն կրնայ ուռիլ լեզուն:

Սովորաբար, շրթունքներու արեւայրուքը կ՛անցնի 3-5 օրուան ընթացքին, սակայն եթէ քանի մը օր անցնելէն ետք ախտանշանները մնան, կը յանձնարարուի դիմել բժիշկի:

Շրթունքներու մաշկի աւելի արդիւնաւէտ բուժման համար կը յանձնարարուի.

  • սառած թրջուած լաթեր դնել շրթունքներուն վրայ,
  • օգտագործել «ժել»-եր եւ քսուքներ «ալոէ վերայի էքսթրաքթ»-ով, որ ունի բուժիչ ազդեցութիւն,
  • ոչ մէկ պարագայի օգտագործել վազելին եւ նման այլ միջոցներ. արեւայրուքի պարագային ատոնք տաքութիւնը կը պահեն մաշկին վրայ,
  • ցաւը թեթեւցնելու համար կարելի է օգտագործել առանց դեղագիրի դեղեր, ինչպէս՝ «իպուփրոֆեն»-ը:

Շրթունքներու արեւայրուքէն խուսափելու համար կը յանձնարարուի օգտագործել շրթունքներու արեւապաշտպան միջոցներ: Մասնագէտները կը յանձնարարեն  ընտրել SPF 30 մակարդակի բալասաններ, որովհետեւ ատոնք կը զտեն ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթումի մինչեւ 97 առ հարիւրը: Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է, եթէ մտադիր ենք օրը անցընել բացօթեայ լողաւազանին կամ ծովափին վրայ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ