Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Քերծուածքներու Պարագային Ե՞րբ Պէտք Է Դիմել Բժիշկի

Շատ պարագաներու մարդ ինքը կրնայ բուժել քերծուածքները, սակայն ո՞ր պարագաներուն պէտք է անհանգստանալ: Ե՞րբ պէտք է դիմել բժիշկի:

Մասնագէտներու կարծիքով՝ քերծուածքներու ապաքինումը կը սկսի գրեթէ անմիջապէս, եւ ամբողջ գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ: Վերականգնումի տեւողութեան երկարաձգումին վրայ կրնան ազդել քանի մը գործօններ.

  • վնասուածքի ընդհանուր բնոյթը՝ որքան աւելի մեծ եւ խորունկ է քերծուածքը, այնքան երկար կը բուժուի անիկա,
  • մարդու առողջութեան ընդհանուր վիճակը,
  • տարիքը՝ որքան մեծ է մարդ, այնքան երկար ժամանակ կը պահանջուի ապաքինումի համար,
  • անօթային հիւանդութիւններու առկայութիւնը,
  • ծխելը:

Այնուամենայնիւ, կը յանձնարարուի կարելի եղած չափով շուտ դիմել բժիշկի, եթէ քերծուածքի տեղը կը յայտնուին վարակի տարածման հետեւեալ ախտանիշները․

  • ապաքինումի նշաններու չգոյութիւնը նոյնիսկ քանի մը օր անցնելէն ետք,
  • վնասուածքի վայրի ցաւի սաստկացումը,
  • քերծուածքի եւ ատոր շուրջ մաշկի տաք, ուռած կամ կարմիր մնալը,
  • տաքութեան բարձրացումը,
  • թարախի կամ այլ արտադրութեան յայտնուիլը:

Վերոնշեալ ախտանիշներուն պարագային մարդ կրնայ աւելի լուրջ բուժման կարիք ունենալ, ներառեալ՝ հակապայոթիքներ ստանալը: Ամէն պարագայի, եթէ այսպիսի ախտանիշներ կան, չի յանձնարարուիր յետաձգել բժիշկին այցելութիւնը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ