Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Խաղաղութիւնը Մեծ Տանիք Մըն Է. Կանգուն Պահելու Համար Հազար Սիւնն Իսկ Քիչ Է

Խաղաղութիւնը ամէնէն արագ  փլող տանիքն է, նոյնիսկ եթէ մէկ միլիոն սիւնով   ամրանայ, միեւնոյնն է , փլելու վտանգը տասնապատիկ աւելի մեծ է քան սիւներու թիւը: 

Խաղաղութիւնը պահող սիւները մենք ենք. մարդ արարածը: Այն տիտանական աշխատանք է: Ծայրագոյն լուծ է, որուն տակ մարդկային հոգեբանութիւնը ժամանակ առ ժամանակ թերեւս ճնշուի: Երբ կքինք, ճնշուինք,  այդ ժամանակ է կու գայ  ամէնէն մեծ վտանգը՝ խաղաղութեան կորուստը: Կը փլի «խաղաղութիւն» կոչուած տանիքը: Կրկին վերակառուցելու համար հազարաւոր կեանքեր պիտի պահանջուին: Երկար տարիներու աշխատանքի մը պէտքը պիտի ըլլայ: Ջանք ու եռանդ պիտի պահանջուի:  Նուիրում եւ ինքնազոհաբերում: 

Յանուն խաղաղութեան միշտ զոհուած են երիտասարդ ու լաւագոյն կեանքեր, դարեր շարունակ։  Առանց անձնազոհ հայրենասէրներու, խարխուլ տուն է խաղաղութիւնը ։

Առանց խաղաղութեան  ոչինչ կ’արժեն բարիքներն ու կենսական բարեկեցութիւնը։

Մեր երկրի  սահմաններու անվտանգութիւնը վտանգուած է, խաղաղութիւնն ալ  թելէ կախուած, ամէն օր մազապուրծ ըլլալու վտանգով։

Խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր երկրի , իւրաքանչիւր ազգի, իւրաքանչիւր անհատի կենսական անհրաժեշտութիւնն է։ Այն ամուր պահելու համար իւրաքանչիւրս, ամէն օր, տիտանական մեծ ջանք պէտք է որ գործադրէ։

Հայրենիքի խաղաղութեան ծառայելը սուրբ  առաքելութիւն է։ Այն ամուր պահելու համար միայն խօսքերը բաւարար չեն։ Անհրաժեշտ է ինքնազոհաբերում:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ