Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանեայց Եկեղեցին Նեցուկ Հայ Պետականութեան

Պատմական Վկայութիւններ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ահաւոր Պատերազմը

         Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը  միշտ հաստատած է եւ չէ ժխտած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մնայուն ներկայութիւնը պետական կառոյցի կողքին որպէս անփոխարինելի հաստատութիւն։ Հինէն գիտենք, մեր պատմիչները կը վկայեն, ու մանաւանդ մեր մօտաւոր անցեալին Համաշխարհային զոյգ պատերազմներու արհաւրալից տարիներուն թէ ինչպէս Մայր Աթոռն ու Հայ Եկեղեցին կատարած են իրենց օրհնաբեր աջակցութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Սահակ Բ Կաթողիկոսներու անձնական նախա-ձեռնութիւններով ։         

            Մեր ներկայ ցաւալի եւ մտահոգիչ օրերուն քառասնօրեայ ահռելի պատերազմը Ատրպէյճանի կողմէ ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի Արցախի հանրապետութեան, ընկճեց հայութիւնն ամբողջ, վտանգի ենթարկեց նաեւ Հայաստանի սահմանները։ Պատերազմին հրադադարը ամենէն կենսականը ըլլալով հանդերձ երեք պետութեանց, Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գաղտագողի ստորագրուած համաձայնագիրով, նոյն վաւերաթուղթը եղաւ նաեւ  օրհասական, անխոհեմ,  կորստական եւ վտանգալից փորձանք մը, որ երեսուն տարիներու հայ զինուորներու արեան գինը պահանջեց, մասնաւորաբար անցեալ երեք ամիսներու հազարաւոր հայ նահատակներուն կեանքը արժեց, եւ գրեց մեր պատմութեան էջերէն ամենէն ողբալին միակ անձի մը, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առանձին ձայնովն, ու ձեռքէ հանեց Արցախի Հանրապետութիւնը։ Ճիշդ է եւ ես ալ լիովին կ՛ընդունիմ «պատահարէն ետք խօսիլը հեշտ է»։

            Այսուհանդերձ, պետութեան մը անունով դաշնագիր ստորագրել կը նշանակէ անպայման պետական կառոյցներէն ստանալ վերջնական ուժն  ու թոյլտուութիւնը։ Իսկ անոր բովանդակութեան մասին խօսելով մարդ կ՛ամչնայ կարդացածը կամ չհասկնալով եւ կամ ահաւոր սպառնալիքի տակ եղող Վարչապետ մը կռնակը ծռած՝ հայրենի հողերու եւ նահատակներու հաշւոյն անձնատուր կ՛ըլլայ։

            Այսօր արդար,  բարձրաձայն եւ մասսայական ընդվզում կը տիրէ քաղաքամայր Երեւանի հրապարակներուն վրայ՝ կատարուած անձնատուութեան հետեւանքով։ Ոչ միայն տարածքներ գացին, այլ նաեւ հաղորդակցութեան միջանցքներ եւս պարտադրուեցաւ կառուցանել Հայաստանի տարածքին ընդմէջէն՝ առանց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձրագոյն եւ պաշտպանական կառոյցներու գիտութեան։ Ամենավերջին Ատրպէյճանական յարձակումները Սիւնիքի սահմաններու երկայնքին կը վկայեն թուղթին «արժէքը»։ Մանաւանդ երբ վերջերս կարդացինք Մեծն Ռուասաստնի Նախագահին   միակողմանի յանկերգը թէ «միջազգայնօրէն Լեռնային Ղարաբաղը մասն ու բաժինն է Ատրպէյճանի հանրապետութեան»։ Եւ իբրեւ հետեւանք իբր թէ հայերուն մնացած բաժնին  մէջ հայեր պիտի բնակին, այո՛, որպէս գերիներ։

Հայաստանեայց Եկեղեցին

         Հակընդդէմ ուժեր իսկոյն ստեղծուեցան եւ անոնց միջեւ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր ձայնը լսելի դարձուց։ Երկու Հայրապետները, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ, եւ Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսները չմիջամտեցին քաղաքական սարսափելի  զարգացումներուն, այլ միայն անմիջական ու վաղուան ապահովութիւնը բացարձակապէս առաջնակարգ նկատելով  խրատեցին Վարչապետին հրաժարիլ, քանի ժողովրդեան ձայնը այդ կը պահանջէր, մանաւանդ անոր համար որ «այնտեղ կատարուածը ահաւոր բան մըն էր մութին մէջ»։ Մեղադրուեցան անոնք թէ եկեղեցին ի՛նչ գործ ունի օրուան քաղաքականութան միջամուխ ըլլալու, մոռնալով Հայ Եկեղեցիին կատարած մեծ դերը անցեալին ու ներկային։ Եթէ Հայրապետները լռէին պիտի այպանուէին թէ ըսելիք մը չունէի՞ն։

            Յիշենք Թուրքիոյ հարստահարութիւնները ԺԹ դարուն երբ նախորդ Պատրիարքը Խրիմեան Հայոց Հայրիկն ու օրուան Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքը իրենց պարտքը համարեցին, Հայրիկը Պեռլինի Վեհաժողովին ու Վարժապետեանը Սան Սթեֆանոյի Խորհրդաժողովին մէջ, անձամբ ներկայ ըլլալու միջազգային խորհրդաժողովներուն, արդիւնաւոր կամ ապարդիւն։ Անոնք իրենց պարտքը նկատեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ձայնը նոյնիսկ օտարներուն լսելի դարձնելու, ինչպէս կատարեց նաեւ Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան Կիլիկիոյ վտարանդի Կաթողիկոսը երբ աքսորուած Սիսի իր Աթոռէն երկիցս Եւրոպա մեկնեցաւ ու ամիսներով տեսակցեցաւ պետական անձանց հետ։  Մնաց որ այսօր  Հայրապետներուն ձայնը հասնէր  իրենց հարազատ հայորդիներուն եւ ոչ թէ օտարներուն։

            Յիշենք նաեւ Առաջին Պատերազմի ծանր օրերուն Գէորգ Ե Սուրէնեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հովանաւորած Ազգային Խորհուրդը որուն նախագահ նշանակեց  Պօղոս Նուպար Փաշան։ Փարիզի մէջ Պօղոս Նուպար դժուար եւ սակայն միջազգային առումով հիանալի գործ կատարեց յանուն Հաաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ «անձամբ» Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Հոս նկատելի կ՛ըլլայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ միջազգային քաղաքա-կանութեան իրար մօտեցումն ու գործակցութիւնը ընդդէմ թրքական զաւթիչներու գրաւումներուն արեւմտեան Հայաստանէն ներս։

            Չմոռնանք նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքներուն քաղաքական խորհրդաժողովներու ներկայ ըլլալն ու հայ ժողովուրդի անցեալի նոյն թուրք ժողովուրդի հարստահարութեանց դէմ բողոք բարձրացնելու պարտքն ու իրաւունքը։ Նկատի ունիմ Մաղաքիա Օրմանեան, Մատթէոս Իզմիրլեան, Զաւէն Տէր Եղիայեան պատրիարքներն ու Ստեփանոս Յովակիմեան արքեպիսկոպոսը, որոնք յաճախակի յանուն Հայ Եկեղեցւոյ միջնորդեցին Օսմանեան պետութեան մօտ մեղմելու հայոց նկատմամբ բեւեռացումները, արդիւնաւոր կամ ոչ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան

         Որոշ է որ պիտի պատահի Վարչապետին հրաժարականը՝ տեսնելով անվերջ եւ նոյնիսկ վտանգալից բեւեռացումները ժողովուրդի խաւերէն ներս պայմանաւ որ  վտանգաւոր աւելի վատ տագնապներ չստեղծուին «պարապութիւն» մը գոյացնելով, որքան ատեն որ Ռուսաստան համակիր է Փաշինեանին որ մնայ իր պաշտօնին վրայ, անշուշտ իր ուղղակի համակերպութեան սիրոյն։ Քաղաքավար Վարչապետը կ՛ուզէ հասկցնել թէ մեզի համար կատարուած պետականօրէն անվաւեր թուղթը խիստ ցաւալի էր եւ բովանդակ պատաս-խանատուութիւնը իր վրայ կը վերցնէր, առանց ըսելու թէ ինչո՞ւ ինքնին միայնակ տուած էր նման աղիտալի որոշումներ։ Պարզ կը դառնայ որ ստիպման տակ, առանց յօդուածներու որեւէ փոփոխութեան, եւ հոս է շան գլուխին թաղուած տեղը, պիտի ստորագրէր զայն։ Կրնար թելադրանքներ ընելով մի քանի կէտեր սրբագրել, եւ կամ անպայման խորհրդակցէր պետական անձանց հետ։ Այստեղ սպառնալիքը իր գարշահոտութեամբ կը յայտնուէր, այո՛ կամ ո՛չ, առանց սակարկութեան։

            Աթոռամոլութիւն կամ ոչ Վարչապետին յախուռն կեցուածքը յայտնապէս տկարացած է այս օրերուն, միայն կռթնելով իր սիրահարած ժողովուրդի կամքին։ Այս եւս կորսնցուցած    է իր րոմանթիք եւ փաղաքշական փայլը երբ ժողովուրդը որպէս ամբոխ, թավշայինն ու անկանոնը իրար խառնուած կը քննադատեն ու դարման կը փնտրեն կացութեան՝ կառավարութեան հրաժարման ճամբով։ Դէմքերը նոյնն են, Վեհափառին, Նախագահին եւ կամ Վարչապետին, եւ սակայն այս օրերու տեսաերիզները այդ դէմքերը դարձուցած են մտահոգ՝ ողբալու եւ յուսահատելու աստիճան։ Վարչապետին վերջին խօսքերը երբեք չեն նմանիր առաջիններուն։ Լաւատես կ՛ուզէ ըլլալ սակայն համոզիչ ըլլալէ շատ հեռու։              

Վարչապետին Սիւնիք Այցը

         Հակառակ համաձայնագրին,Սիւնաց նահանգի սահմաններէն մտահոգիչ լուրեր հասան վերջերս ու Վարչապետ Փաշինեան անձամբ ուզեց ստուգել զանոնք, շուտով անդրա-         դառնալով իր ստորագրած թուղթին այդքան անարժեք ըլլալը։ Հասաւ Սիսիան, անկէ անցնելու Գորիս, Կապան, Քաջարան եւ Մեղրի, զրուցելու համար տեղացիներուն հետ եւ լսելու անոնց մտահոգութիւնները։ Սակայն հազիւ հասած Սիսիան սիւնեցիք փակեցին Գորիս-Տաթեւ մայրուղին ի նշան բողոքի։ Միայն կրցաւ Սիսիանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի մուտք գործել եւ աղօթք մը արտասանել։

            Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պետականութեան սերտ գործակցութիւնը վիրաւորելով տեղւոյն քահանան տգիտաբար չէր ընդուներ Վարչապետին ներկայութիւնը երբ Փաշինեանի  երկարած ձեռքը քահանային՝ կը մնար օդին մէջ։ Քահանային միտքը ինկաւ կ՛երեւի Կաթողիկոսներուն դիրքաւորումը, ինչպէս նաեւ թեմակալ եպիսկոպոսի մը անպատշաճ վերաբերմունքը։ Բոլորս լաւ գիտնալու ենք, մանաւանդ Սիսիանի այդ քահանան, որ առ այժմ, մինչեւ հրաժարիլը ունինք միայն մէկ վարչապետ, ու այդ պատճառով անարգել զինք ու կոպիտ ձեւով աննկատ թողուլ իր ներկայութիւնը թէ՛ անպատշաճ է եւ թէ՛ սխալ։ Մի քիչ       եւս համբերութիւն եւ իմաստութիւն իշխանափոխութիւնը բարիով տեղի կ՛ունենայ, սակայն մէկ պայմանով, եթէ հայ ժողովուրդը միահամուռ եւ եղբայրաբար յաղթահարեն մերօրեայ մեծագոյն փորձանքները։    

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ