Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Խառնաշփոթ Կարգավիճակ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Վերջերս, աշխարհն ամբողջ կարծէք դարձած է անհամբեր, շփոթ, անհանդուրժող, ջղագրգիռ եւ գանգատող: Պատճառը կը վերագրեն ներկայ տիրող կացութեան, տնտեսական, քաղաքական, անգործութեան եւ մանաւանդ՝ վերջին մէկ ու կէս տարուան տնային արգելափակման ու որպէս բուժում, կը թելադրեն դիմել հոգեբանական կամ բժշկական հոգատարութեան: Անշուշտ տարեցները չեն միակը նման կացութեան մէջ, որովհետեւ մեր շրջապատները այսօր լիացած են նման կարգավիճակով եւ երիտասարդ սերունդը առաւել եւս կը տառապի ներկայ կացութիւնէն:

Մոլորած, շուարած եւ խառնաշփոթ կարգավիճակ մը, որ ստեղծուեցաւ անցեալ տարուան առաջին կէսէն սկսեալ եւ պիտակուեցաւ «փէնտէմիք», քորոնա ժահրին հետեւանքով, որմէ չենք ձերբազատուած մինչեւ այսօր, առաւել եւս վատթարանալու հեռանկարով:

Մինչեւ 2020-ի տարեվերջ, աշխարհի զանազան երկիրներու ժողովուրդներ արգելափակուեցան իրենց տուներուն եւ այլ վայրերու մէջ , ժահրէն վարակման վտանգները դիմակալելու համար: Անշուշտ բոլորս քաջատեղեակ ենք անոր առողջական եւ տնտեսական հետեւանքներուն որոնց «ծայրը» հասաւ մեզի եւս:

Ըսին, երբ նոր նախագահը ստանձնէ երկրին ղեկը,  խօսքս Միացեալ Նահանգներու մասին է անշուշտ, որ այսօր կարծէք դարձած է «անմիաբան նահանգներու» երկրի մը , որ հպարտանքով ու հաստատուն կերպով յայտարարեց թէ «ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ 90 օրէն»: Նոյնիսկ ինքն, նորընտիր նախագահը խոստացաւ մինչեւ 4 Յուլիսը, (երկրին անկախութեան տարեդարձը) երկրին մէջ հաստատել կարգ ու կանոն, յաւիտեան վերացնել ժահրին հետեւանքները, դիմակներու գործածութիւնը վերցնել, երկրին տուժած խաղաղութիւնը ու տնտեսական համակարգը վերականգնել, քաղաքական տարակարծութիւնները հաշտեցնել եւ ի միջի այլոց այլ բազմաթիւ խոստումներու շարան մը որոնց գործադրութիւնը անձուկ կը սպասենք տակաւին:

Նորընտիր նախագահը իր նախագահական աթոռի ստանձնումէն 20 վայրկեան ետք արդէն իսկ 16 նոր հրամանագրեր արձակեց անոնց թիւը հասցնելով 100-է աւելի յաջորդ օրերուն, որոնց կէսէն աւելին չկարողացան հասնիլ  գոնկրէս կամ ծերակոյտ, վաւերացման եւ գործադրութեան համար:

20 Յունուար 2021-էն ի վեր եւ մինչեւ օրս, նոր նախագահին մամլոյ ասուլիսներուն մեծագոյն մասը կեդրոնացած է քորոնա ժահրի դիմակալելու գործարքին, պատուաստումի յառաջխաղացքին, յորդորներու եւ կաշառքներու առաջարկներու տարափով ուղղուած անոնց որոնք տակաւին կը մերժեն պատուաստ ընդունիլ: Անոնց թիւը կը գերազանցէ 100 միլիոնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կ՝առաջարկուին նիւթական պարգեւատրումներ, ձրի ըմպելիներ, «հէմպըրկներ», «Փիցցաներ», ձրի պատուաստ ընկալումի փոխադրում, նոյնիսկ բնակարաններու այց եւ ի վերջոյ՝ վիճակահանութիւններ մեծ գումարներու խոստումներով: 

Տեսա՞ծ էիք հզօր պետութիւն մը այսքան նուաստացած, որ կ՝աղաչէ իր հպատակներուն, զանոնք «պատուաստելու» նպատակով: Արդեօք ի՞նչ կրնայ ըլլալ իսկական թաքուն եւ յետին նպատակը սա «փէնտէմիք» կոչուածին: 1920 թուականի «Սփէնիշ Ֆլու» կոչուածը, որ 50 միլիոն, 1957-ի «Ինֆլուանզան» 5 միլիոն եւ այլ համաճարակներու ժամանակ,  որոնք միլիոնաւոր զոհեր խլեցին աշխարհէն, նման արգելափակումներ եւ պարտադրութիւններ չեղան: Միանգամայն այսօր աշխարհը մարդկայի՞ն դարձաւ արդեօք:

Ըսինք շուարած ու խառնաշփոթ վիճակի մէջ ենք: Իւրաքանչիւր արեւածագ մեզի կը բերէ նոր հրահանգներ ու ցուցմունքներ թէ՝ ի՞նչ կամ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք մեր բնակարաններուն, «սուբըր մարքէթներու», խանութներու, վաճառատուներու, փակ վայրերու, հաճոյքի եւ նոյնիսկ ծովափներու կամ բնութեան մէջ:

Հեռուստատեսիլի ալիքները միաձայն կը բարբանջեն օր ու գիշեր նոյն յանկերգները, ժողովուրդին մէջ ահ ու սարսափ տարածելով: Հաղորդավարները այնպիսի ակնածանքով, լուրջ, տխուր ու հրամայական կերպով կը հաղորդեն լուրերը, կարծէք աշխարհի վերջը եկած է: Իսկ մենք ստիպուած, հազար ու մէկ հայհոյանքներէ խուսափելու համար կը շրջենք ալիքը մէկ այլ կայանի հանդիպելու համար նման խայտաբղէտ հաղորդումներու, վերջ ի վերջոյ գտնելու համար կայան մը, ուր նման լուրերու հաղորդում չկայ:

Մինչդեռ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կարգ մը այլ նահանգներ, կարծէք այլ աշխարհի մէջ են, կ՝ապրին իրենց ինքնուրոյն օրէնքներով եւ սովորութիւններով, նման աշխարհի կարգ մը երկիրներու, որոնք ունին տարբեր օրակարգեր, համոզմունքներ եւ մօտեցումներ քորոնայի ժահրին եւ անոր քաղաքական, տնտեսական եւ առողջական հետեւանքներուն նկատմամբ:

Հազիւ հազ տնտեսութիւնը սկսած էր ոտքի կանգնիլ, արդէն նոր «հարուածներ», (պայմաններ, պարագաներ եւ այլ օրէնքներ) կը հասնին փոքր արհեստներու եւ աշխատատեղիներու վրայ, որոնք ապրուստի ապահովումը կը դժուարացնեն այն աստիճանի, ուր գործատէրը կը լքէ նահանգն ու գործատեղին, փոխադրուելով այլ վայր, նահանգ կամ երկիր, ուր կը գտնէ իր հանգիստն ու կենսական ապրուստը:

Հետեւելով ներկայ կացութեան, որուն յստակացումը տակաւին հարցական կը թուի, շատեր կը գուշակեն թէ՝ առաջին. ներկայ կացութեան ստեղծումը կը միտի փոքր արհեստանոցներու, աշխատատեղիներու, խանութներու (ըլլան անոնք սննդեղէնի, հագուստ-կապուստի կամ այլ) վերացումը ի շահ մեծ ու վիթխարի ընկերութիւններու, նման Ամազոնի, Ալի Պապայի, Ուօլմարդի, Ի պէյի եւ այլ զանազան հուժկու ընկերութիւններու, որոնք պիտի ներգրաւեն այդ բոլոր տկար կամ փոքր հաստատութիւնները եւ տիրեն տնտեսութեան:

Երկրորդ կարծիքի գուշակումով, կը խորհին թէ այս բոլոր պատահարները, պարտադրումները, սահմանափակումները, ձրիօրէն բաշխուած խոստումներն ու նիւթական պարգեւները, առաւել եւս կալուածներու, թանկանոց առարկաներու եւ տնային առօրեայ կարիքներու արժէքներու տարօրինակ սղաճը կը միտի երկրին նիւթական կանխիկ պատրաստի պաշարը սպառելու երկրին մէջ, յետագային զայն փոխարինելու համար թուայնային դրամի, բոլորովին վերացնելով կանխիկ դրամը: Այս ձեւով հակակշիռի տակ առնելով երկրի ժողովուրդը, նման Չինաստանի եւ այլ հինգ երկիրներու, (Սենեկալ, Էքուատօր, Թունուզ եւ Սինկափուր), որտեղ կանխիկ դրամի գործածութիւնը վերացած է: Իսկ այլ երկիրներ, արդէն աշխատանքի մէջ են նոյն համակարգի ստեղծման համար:

Նշեալ երկու կամ այլ պարագաներու բերմամբ, ժողովուրդը այլեւս զզուած եւ յոգնած է ներկայ կացութիւնէն եւ անհամբեր կը սպասէ ապագային, որեւէ կերպարով որ պիտի «հրամցուի» այդ: Եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, արդէն նշմարելի է  առցանց առեւտուրի զարգացումը, սկիզբ հանդիսանալով թուայնային դարաշրջանի մը ուր կը վաճառուին բոլոր այն ինչ որ մարդկային գործածութեան համար է, զայն հասցնելով դրան սեմին, պարզապէս՝ «քրէտիթ կամ տէպիթ» քարտի մը շնորհիւ:

Սաուլ Ալինսքիի խօսքով՝ եթէ կ՝ուզես ժողովուրդ մը ղեկավարել, հայթայթէ անոր առողջապահական, ուսումնական, գիտական, կենսական, ապահովական կարիքները, վերացուր ինքնապաշտպանութեան եւ ըմբոստումներու միջոցներն ու այլ հակադարձութեան կարելիութիւններ եւ այդ ժողովուրդը պիտի հետեւի քեզի, որովհետեւ ուրիշ ելք պիտի չ՝ունենայ այլեւս:

Կը մաղթենք բարի ապագայ բոլորիս, մանաւանդ՝ նոր սերունդին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ