Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեղի Ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի Ընդլայնուած Ժողովի Նիստը

13 Օգոստոս, 2021-ին Առաջնորդարանի <<HAMBAR FAMILY>> սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ընդլայնուած ժողովի նիստը:

Ժողովը բացուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով:

Օրուան գլխաւոր բանախօսը Օքլենդի Սուրբ Վարդան Հայց. Եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան փոխատենապետ Տիկին Լիզա Մանուկեանն էր, ով ժողովականներուն ներկայացրեց այս եւ անցնող տարում քորոնա ժահրի ընթացքին ստեղծուած զանազան դժուարութիւններու` գործազրկութեան, միայնութեան եւ նմանօրինակ զանազան երեւոյթներու դէմ պայքարի մասին:

Ժողովի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի գործունէութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահուհի Տիկին Գլատիս Սարոյեանի, Արեւմտեան թեմին իրենց անսահման նուիրումի եւ յանձնառութեան համար, ապա Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց <<Հայր Մեր>> եւ <<Պահպանիչ>> աղօթքներով:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ