Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Ոտքերը Հարթաթաթութենէ Եւ Այլ Խնդիրներէ

Կօշիկներու որոշ տեսակներ կրնան ծայրայեղ բացասական ազդեցութիւն ունենալ ոտքերու վիճակին վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի է ոտքերը պաշտպանել կօշիկներէն յառաջացող խնդիրներէն:

Ընտրեցէ՛ք յարմարաւէտ բարձրակրունկ կամ 2-3 սանթիմեթր բարձրութեամբ կօշիկներ

Ամէն օր հագնելու համար փորձեցէ՛ք հրաժարիլ բարձր ու բարակ կրունկներէն, ինչպէս նաեւ ամբողջովին հարթ կօշիկներէն:

Տան մէջ բոպիկ մի՛ քալէք

Բոպիկ քալելը լաւ գաղափար չէ, նոյնիսկ տան մէջ: Գետնի կոշտ մակերեւոյթին՝ ոտնաթաթին վրայ ծանրաբեռնուածութիւնը կրնայ յանգեցնել հարթաթաթութեան, յատկապէս փոքրիկներու եւ մեծերու պարագային, որոնք հակում ունին այդ բանին:

Բոպիկ քալեցէք հողի, աւազի կամ քարերու վրայ

Որովհետեւ ոչ հարթ մակերեսները կ՛ամրացնեն ոտնաթաթի մկանները:

Ոտնաթաթերու ամրացման վարժութիւններ ըրէք

Կան բազմաթիւ վարժութիւններ, որ կրնան օգնել ամրացնելու ոտնաթաթի մկանները, օրինակ՝ լողաւազաններու մէջ կրնաք լողալ յատուկ կարճ լաստերով, որոնք կ՛ապահովեն ոտնաթաթերու վրայ ծանրաբեռնուածութիւնը, կը մարզեն ոտնաթաթի մկանները եւ կը պահեն լաւ վիճակի մէջ: Կրնաք նաեւ ոտքի մատներով լուցկի հաւաքել գետնէն:

Վերահսկեցէ՛ք ձեր կշիռքը

Աւելորդ կշիռքը լրացուցիչ բեռ է ծունկներու յօդերուն վրայ, իսկ 5-7 քիլոկրամ կշիռք կորսնցնելէ ետք, այդ բեռը կը կրճատուի 10 անգամով: Եթէ ​​ունիք մարմնի զանգուածի բարձր «ինտեքս», աշխատեցէք առնուազն չկրել բարձրակրունկ կօշիկներ կամ այլ անյարմար կօշիկներ, որովհետեւ նման պարագայի քանի մը անգամով կը բարձրանայ բազմաթիւ «փաթոլոճի»-ներու զարգացման վտանգը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ