Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Միայն Ամերիկայի Մէջ . . .

Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ նահանգային կառավարիչը կ՛ընտրուի չորս տարուան ժամանակաշրջանի մը համար եւ կրնայ վերընտրուիլ մէկ անգամ եւս։ Իսկ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներ կրնան խնդրագրով մը (Petition) յետս կոչել (recall) ընտրուած Կառավարիչ մը, եթէ դժգոհ են իր վարած աշխատանքէն։

Գալիֆորնիոյ Կառավարիչը՝ Կէվըն Նիւսըմ, ընտրուած էր 2018-ին եւ պէտք է պաշտօնի վրայ մնայ մինչեւ 2022-ը։ Սակայն այս տարի իրմէ դժգոհ քաղաքացիներ խնդրանք մը ներկայացուցին զինք յետս կոչելու։

Վերոյիշեալ խնդրագիրը ստորագրած էին 1,719,900 իրաւասու քուէարկողներ՝ թէեւ պահանջուածը միայն 1,495,709 ստորագրութիւն էր, 2018-ի քուէարկողներուն 12 տոկոսը։ Յիշենք որ Գալիֆորնիոյ բնակչութիւնը կը հաշուէ 40 միլիոն։

Կառավարիչի մը յետս կոչելու այս խնդրագիրը առաջին անգամը չէ որ կը ներկայացուի Գալիֆորնիոյ մէջ։ Արդարեւ, 2003 թուականին՝ Կառավարիչ Կրէյ Տէյվիսն ալ յետս կոչուելով, իր տեղը կառավարիչ ընտրուեցաւ ֆիլմերու աստղ Արնոլտ Շուարձընէկըրը։

Վերադառնալով մեր նիւթին, Կառավարիչը յետս կոչելու քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին։ Եթէ ձայներու մեծամասնութեամբ Կառավարիչ Նիւսըմին վստահութիւն չյայտնեն քուէարկողները, ուրիշ մը պիտի ընտրուի 46 թեկնածուներու մէջէն։

Այդ թեկնածուներէն մէկու մը մասին պիտի անդրադառնամ, որ կրնայ պատահիլ միայն Ամերիկայի մէջ՝ նկարագրի իր անկայունութեան համար։ Իսկ ո՞վ է այդ թեկնածուն, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Այդ թեկնածուն Գէյթլըն Ճէնըր (տես նկարը) անունով կին մըն է որ նախապէս մարդ մըն էր (տես նկարը) Պրուս Ճէնըր անունով։ Պրուս Ճէնըր երիցս ամուսնացած եւ վեց զաւակներու տէր նախկին ողիմպիական մարզիկ մըն էր (1976) որ 2017-ին վիրահատական նուրբ գործողութեան մը ենթարկուելով՝ դարձաւ կին . . .

Է՜հ, եղա՞ւ ասիկա։ Բայց հոս ամերիկա է եւ մարդիկ վարժուած են   հանդուրժողութեամբ ընդունիլ նմանօրինակ արտասովոր երեւոյթներ։ Բայց ինծի համար գէթ՝ ամօթալի արարք մըն է որ պէտք է դատապարտուի, ոչ թէ անոր համար որ իր սեռը փոխեց՝ այլ անոր համար որ կը համարձակի բարձր եւ որակաւոր պաշտօնի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջարկել ու վերջ!  Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

Ինքնաշարժի մը Արտասովոր Ճամբորդը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Միացեալ Նահանգներու Ուիսքանսըն նահանգի Մարշֆիլտ քաղաքէն։ Ուիսքանսըն կը գտնուի Շիքակոյի հիւսիսը եւ ունի վեց միլիոն բնակչութիւն։ Այդ նահանգը նշանաւոր է իր պանիրի արտադրութեամբ։ Դէպքը կը պատահի այդ քաղաքի ՄքՏանըլտս ճաշարանի յաճախորդներէն մէկուն։

Բայց  առաջ որ մեր բուն նիւթին անցնիմ, կ՛ուզեմ հակիրճ տեղեկութիւն մը տալ ՄքՏանըլտս ճաշարաններու ցանցին մասին։ Անոնց առաջին ճաշարանը հիմնուած է 1940-ին եւ այսօր աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներուն մէջ՝ այդ ցանցը ունի 37,855 ճաշարաններ . . .

Ուրեմն, Ճէսիքա Նելսըն անունով մանկամարդուհի մը ՄքՏանըլտս կ՛երթայ, նախաճաշ ուտելու։ Հոն՝ ինքնաշարժէն չես իջնէր, այլ հեռաձայնով կ՛ապսպրես եւ երբ կարգդ գայ՝ պատուհանէն կ՛առնես ապսպրածդ, կը վճարես եւ ճամբադ կը շարունակես։

Այս դրութիւնը (drive through) ստեղծուած է Աւստրալիոյ ՄքՏանըլտս ճաշարաններէն մէկուն մէջ, 1975 թուականին եւ անշուշտ շատ արագ կերպով տարածուած է աշխարհի բոլոր ՄքՏանըլտս ճաշարաններուն մէջ։

Ճէսիքա երբ կարգի կ՛սպասէր, նկատի կ՛առնէ որ իր առջեւի ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ արտասովոր ճամբորդ մը կար։ Ուշի-ուշով դիտելէ ետք, վերահասու կը դառնայ թէ ո՞վ է այդ արտասովոր ճամբորդը։ Այդ ճամբորդը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ (տես նկարը) կով մը։

Ըստ ինծի՝ այդ կենդանին կովէ չէր, այլ հորթուկ մը որ կրցած է բաւել փոքր ինքնաշարժի մը ետեւի աթոռին վրայ, չ՞էք խորհիր! Բայց ինչո՞ւ հորթուկ մը ինքնաշարժին մէջ տեղաւորել եւ հետդ պտոյտի կամ գործի տանիլ, չեմ հասկնար։

 Այ մարդ, չե՞ս գիտէր որ այդ կենդանին կրնայ իր բնական պէտքերը հոգալ ինքնաշարժիդ մէջ ու լաւ մը աղտոտել զայն, առանց նկատի առնելու անոր արտադրած անհանդուրժելի հոտը՝ որ կը թունաւորէ ներսի մթնոլորտը։

Շիտակը՝ ես այսպիսի բանի մը չէի հանդիպած եւ եթէ նկարը չըլլար, դժուար թէ հաւատայի ու վերջ։  

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ