Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կուրծքի Կաթը Օգտակար՝ Թերահաս Մանուկներու Սիրտին Համար

Կուրծքի կաթը դրական ձեւով կ՛ազդէ թերահաս մանուկներու սրտանօթային համակարգի եւ սրտանօթային զարգացման վրայ: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական վարչական կազմի բժշկական համալսարանի մասնագէտները:

Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է JAMA Network Open ամսագիրին մէջ, ներառած է 80 թերահաս փոքրիկներու տուեալները: Այս իր տեսակին մէջ առաջին հետազօտութիւնն է, որ ցոյց տուած է, թէ թերահաս փոքրիկները, որոնք «աքթիվ» ձեւով կուրծքի կաթ ստացած են, մէկ տարեկանին սրտի աւելի լաւ գործունէութիւն ունեցած են:

Թերահաս ծնած թէ՛ փոքրիկները, թէ՛ մեծերը սրտանօթային հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ սրտի հիւանդութեան, սրտային անբաւարարութեան, համակարգային եւ թոքային «հայփըրթէնշընի» (արեան բարձր ճնշման) վտանգին ենթարկուած են: Անոնց մօտ բարձր եղած է նաեւ սրտանօթային հիւանդութիւններէն մահուան հաւանականութիւնը:

Այս հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ծննդաբերութենէն ետք առաջին ամիսներուն բացառապէս կուրծքի կաթի օգտագործումը կապուած է թերահաս մանուկներու սրտանօթային համակարգի որոշ բնութագրերու բնականոնացման հետ:

afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ