Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարգ Մը Սննդային Սովորութիւններ Կը Խանգարեն Նիհարնալու Գործընթացը

Ամերիկացի սննդաբաններ թուած են սննդային այն վնասակար սովորութիւնները, որ արգելք կրնան հանդիսանալ նիհարնալու, յայտնած է Eat This, Not That!-ը։

Բժիշկ Ռոքսանա Էսանին յայտնած է, որ վատ սովորութիւններէն մէկն է՝ աշխատանքի ընթացքին ճաշի ընդմիջում չընելը, ինչ որ կրնայ նուազեցնել արտադրողականութիւնը եւ տրամադրութիւնը: Ճաշէն հրաժարելէն ետք շատ հաւանական է, որ երեկոյեան մարդ աւելի շատ ուտէ:

Սննդաբան Քրիսթեն Սմիթ, իր կարգին, ուտելէն հրաժարիլը կը նկատէ «ամէնէն մեծ սխալը», այն մարդոց պարագային, որոնք կը փորձեն նիհարնալ:

«Շատեր չեն հասկնար, որ աքթիվ նիւթափոխանակութեան համար անհրաժեշտ է բաւարար քալորիներ օգտագործել, իսկ անկանոն սնանիլը, ընդհակառակը, կը դանդաղեցնէ նիւթափոխանակութիւնը»,- ըսած է Սմիթ:

Բացի ատկէ, մասնագէտները չեն յանձնարարեր ուտել աշխատավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հեռատեսիլ կամ ֆիլմեր դիտելու ժամանակ: Եթէ մարդ տարուած է այդ բոլորով (ինչ որ կը կատարուի «էքրան»-ին առջեւ) ան սովորաբար ճիշդ չ՛ընկալեր այն, ինչ որ կ՛ուտէ: Նաեւ չ՛արձագանգեր կուշտ ըլլալու եւ ուտելու ազդանշաններուն ու չափէն աւելի կ՛ուտէ:

Սմիթ նաեւ չի յանձնարարեր արագ նիհարնալու համար նախատեսուած սննդականոնները: Նման սննդականոնները, մասնագէտին համաձայն, կու տան որոշ արդիւնք, բայց վատ ձեւով կ՛անդրադառնան հոգեկանին վրայ, աւելին, նոյնիսկ եթէ մարդ նիհարնայ, աւելորդ կշիռքը դարձեալ կը վերադառնայ սննդականոնը փոխելէն ետք:

Մասնագէտները նաեւ չեն յանձնարարեր ոչ «կլիւթենային» սննդականոնի հետեւելը:

«Չկայ որեւէ գիտական փաստ, որ «կլիւթեն» չունեցող ուտելիքները կը նպաստեն նիհարնալու: Աւելին, ատոնցմէ բաժին մը մեծ քանակութեամբ «քալորիներ» եւ ճարպեր կը պարունակեն»,- նշած է Սմիթ:

afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ