Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կ՝ըսեն Թէ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ խայտառակ պարտութեամբ դուրս եկաւ Աֆղանիստանի 20-ամեայ երկարատեւ պատերազմէն, հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ զոհելով, իսկ այլ հազարաւոր զինուորներ վիրաւոր եւ անդամահատուած թողելով, աշխարհի մէջ իր արժանապատուութիւնը արատաւորելով, երկիրը (Աֆղանիստանը) շարունակ ռմբակոծումներով քանդելով, ժողովուրդը լարելով իրար դէմ, միլիոնէ աւելի աֆղանիստանցի սպանելով եւ վերջապէս՝ հսկայական գումարներով զէնք ու զինամթերք թողելով այնտեղ՝ թշնամիներուն, «թալիպան» կոչուած:

Իրականութիւնը սերտելով, կը հաւատանք թէ Միացեալ Նահանգներ բնաւ երբեք չէ կորսնցուցած որեւէ պատերազմ: Շատ հաւանաբար ան կրնայ կորսնցուցած ըլլալ մարտեր, սակայն ի վերջոյ ան միշտ շահեկան դուրս եկած է բոլոր պատերազմներէն:

Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, մեծ դասեր քաղելով աշխարհի առեւտրական շուկաներէն, 1934 թուականէն սկսեալ, ան արդէն մուտք կը գործէր համաշխարհային շուկայ որպէս հզօր պետութիւն, պարտադրելով իր կամքը ամէնուրեք, բանիւ, գործով կամ բռնի ոյժով: Այդպիսով, ան տիրացաւ կամ բաժնեկից դարձաւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու առեւտրական, քաղաքական, տնտեսական եւ բնական հարստութիւններու կարողութիւններուն, նոյնիսկ երբ ան իր ներկայութիւնը հեռացուց այդ երկիրներէն, առանց սակայն կորսնցնելու իր գերակայութիւնը եւ շահը:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, Միացեալ Նահանգներ պատերազմին կը մասնակցէր  Եւրոպայի դաշնակից ազգերու խնդրանքով, որովհետեւ անոնք նեղ դրութեան մատնուած էին եւ օգնութեան կարիքը ունէին դիմակալելու համար հզօր Գերմանական, Ճափոնական, Իտալական եւ Թրքական զօրքերուն, հակառակ անոր որ վերջինս լարախաղաղացութիւն կ՝ընէր իր մասնակցութեան որոշումով:

Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը սակայն «սուղի նայեցաւ» իր Եւրոպացի դաշնակիցներուն, որոնք մինչեւ այսօր պարտական կը մնան իրեն տնտեսական, ֆինանսական եւ փոխադարձ գործակցութեան  պայմաններու տակ, այդպիսով՝ զինք դարձնելով աշխարհի մեծագոյն ֆինանսական հաստատութիւնը: Անշուշտ այս օրերուն մեծ պայքար կայ իր եւ Չինաստանի միջեւ այդ առաջնութեան հերթով:

Գալով Աֆղանիստանի պատերազմին, Միացեալ Նահանգներ ոչինչ կորսնցուց իր 20-ամեայ պատերազմի ընթացքին, ի բաց առեալ մի քանի հազար մեռեալներէ եւ վիրաւորներէ, որոնք ոչ մէկ նշանակութիւն ունին իր վարած քաղաքական հեռանկարին մէջ: Միշտ այսպէս եղած է Միացեալ Նահանգներու մղած պատերազմներու ընթացքին, որոնք կը տարուին յանուն «երկրի ազատագրման եւ սահմաններու ապահովման ի խնդիր»: Նշանաւոր են Քորէայի, Վիէթնամի, Իրաքի եւ այժմ Աֆղանիստանի պատերազմները, որոնք նոյն վախճանը ունեցան:

Երբ խորքը փնտռենք Միացեալ Նահանգներու իսկական մղումին, այս պատերազմներուն մէջ, պիտի տեսնենք միայն ու միայն ֆինանսական եւ տնտեսական շահարկումի նպատակներ, երկրի մեծագոյն ընկերութիւններու շահերու պաշտպանման եւ գոյատեւման ի նպաստ:

Անոնք են՝ զինամթերք արտադրող ընկերութիւններ, օրինակ՝ «Լաքհիտ», «Հիուզ», «Ռէյթհոն» եւ մօտ 78 տարբեր այլ  ընկերութիւններ որոնք զէնք ու զինամթերք կը հայթայթեն Միացեալ Նահանգներու բանակին (անշուշտ նաեւ՝ բնակչութեան, որոշ տարողութեամբ,) եւ տարբեր երկիրներու պետութեանց: Այս ընկերութիւնները կ՝արտադրեն բեռնատար կամ ճամբորդատար ինքնաշարժներ, թանկեր, թնդանօթներ, հրթիռներ, փոխադրական եւ այլ զինուորական մեքենաներ, որոնք կը գործածուին որպէս բանակի պատերազմական պիտոյք եւ զինուորներու փոխադրութեան եւ պաշտպանութեան նպատակներու  համար, ըլլան անոնք ցամաքային, օդային կամ ծովային:

Կան նաեւ մեծ ու փոքր տարողութեամբ հրթիռներու եւ նորագոյն օդային ինքնաթիռներու, ուղղաթիռներու եւ անօդաչու սարքեր արտադրող ընկերութիւններ որոնցմէ շատերը կը մնան քուլիսային, անյայտ:

Վերոյիշեալ բոլոր ընկերութիւնները կը սնանին ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու ստեղծած պատերազմներով եւ անոր բանակին զինամթերքի հայթայթումով:

Պատերազմի ընթացքին անշուշտ միայն զէնքը չէ որ կրնայ պահել զինուոր մը: Իսկ այդ Միացեալ Նահանգներու բանակային իւրաքանչիւր զինուորի շալկած զէնքն ու զինամթերքը, հաղորդակցութեան եւ դիտակի գործիքները,  հագուստ-կապոցը, ուտելիքը եւ բանակավայրի մինչեւ վերջին անհրաժեշտութիւնը կը հայթայթուին անպայման եւ միայն ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ, հասնելու համար պատերազմի վայր, հարիւրապատկուած արժէքներով, որոնք կը վճարուին բանակին յատկացուած պիւտճէէն: Իսկ այդ բոլորը անշուշտ պիտի պարէնաւորուէին ժողովուրդէն գոյացած տուրքերով:

Այնպէս որ, երբ կ՝ըսուի թէ Միացեալ նահանգներ վատնեց 2 եռիլիոն տոլարէ աւելի գումար Աֆղանիստանի մէջ տարած պատերազմին, ետին թողելով 82 միլիառ տոլարի զէնք ու զինամթերք, սխալ կարծիք պիտի ըլլար այդ, որովհետեւ այդ գումարը իրական դրութեամբ, վճարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու զինավաճառներուն եւ այլ զինուորական պիտոյքներ հայթայթող ընկերութիւններուն: Իսկ այնտեղ մնացած 82 միլիառ արժողութեամբ զինամթերքը, «իրենց» եւ կարգ մը լրատուական ընկերութիւններու կարծիքով, «բնաւ արժէք չունին եւ չեն կրնար գործածուիլ ամերիկեան զինուորականութեան դէմ»:

Հաւատա՞նք թէ՝ չէ: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ այդ երբ հեռուստատեսիլէն մեր աչքերով կը տեսնենք «թալիպանի» զինեալը որ կը գործածէ այնտեղ լքուած ամերիկեան զէնքերը:

Չմոռնալ ըսելու նաեւ թէ՝ Միացեալ Նահանգներ իր 20 տարուան Աֆղանիստանի մէջ  ներկայութեան ընթացքին, իր զինուժը կատարելագործեց նորագոյն արդիական միջոցներով, իր նորահնար զէնքերը փորձարկելով այնտեղ եւ շահագործեց Աֆղանիստանի աֆիոնի (opium) դաշտերու արտադրութիւնը, որ կը կազմէ աշխարհի աֆիոնի արտադրութեան 80 տոկոսը, ներառեալ անոր քարիւղի եւ այլ հանքերու հարուստ  արտադրանքը:

Շատ հաւանական է որ Միացեալ Նահանգներ նոյնիսկ ապագային, պիտի պահէ իր առիւծի բաժնի բաժնեկցութիւնը Աֆղանիստանի բնական հարստութեանց մէջ, որովհետեւ Աֆղանիստանի «Թալիպանը» կամ Միջին Արեւելքի «Այսիսը» ըստ տուեալ տեղեկութեանց, արդէն իսկ ծածուկ կերպով կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Որպէս եզրակացութիւն, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է որակել Միացեալ Նահանգներու 20 տարուան արկածախնդրութիւնը Աֆղանիստանի մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ