Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Պետական Նախարարը՝ ԱՀԱԸ-ի 102-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթին Հիւր Պատգամաբեր

Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերին, Ֆրեզնոյի Առաջին Հայ Երիցական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 102-րդ տարեժողովի Ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան։

Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամ եւ National Raisin Company-ի նախագահ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան պիտի համադրէ եւ հանդիսավարէ այս տարուան Ճաշկերոյթը։ Ապտուլեան եւ անոր ամուսինը՝ տոքթ. Ճան Ապտուլեան, նաեւ պիտի հովանաւորեն Ճաշկերոյթին ծախսերը, նպաստելով Աւետարանչականը Ֆրեզնոյի հայ համայնքին յատկապէս երիտասարդ սերունդին ծանօթացնելու գործին:

Աւետարանչականը հիմնուած է 1918-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական համայնքներուն եւ եկեղեցիներուն աջակցելու նպատակով։ Այդ աշխատանքը մեծապէս ընդլայնեցաւ Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժէն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն եւ 1990-ի Արցախի ազատագրման պայքարէն ետք։ Աւետարանչականը այդ ժամանակաշրջանին կառուցեց դպրոցներ, ցերեկային կեդրոններ, եկեղեցիներ եւ քրիստոնէական ճամբարներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Հակառակ 2020-ի պատերազմին հետեւանքով տեղի ունեցած քանդումներուն, Աւետարանչականը կը շարունակէ վճռակամօրէն հոգալ տուժած ընտանիքներուն եւ մանուկներուն պէտքերը։ «Անհամբեր եմ լսելու մեր Արցախի պետական նախարարէն երկրի ներկայ վիճակին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս մեր հայրենակիցները կը դիմագրաւեն ներկայ կացութիւնը։ Մեր ընտանիքը օգնեց կառուցել հրաշալի քրիստոնէական ճամբար մը Շուշիի մէջ, որ հիմա քանդուած է պատերազմին պատճառով։ Մենք կորսնցուցինք զայն, բայց զիս աւելի վրդովեցնողը այն է, որ մեր ճամբարի առաքելութիւնն ալ կորսնցուցինք»,- ըսաւ տիկին Ապտուլեան։

Ճաշկերոյթին պատուոյ հիւրը՝ Արտակ Բեգլարեան, 1990-ականներուն յաճախած է Աւետարանչականի ամառնային ճամբարը Արցախի մէջ եւ հոն ստացած իր դաստիարակութիւնը կը համարէ իր ծառայողական մտածելակերպի զարգացման նպաստող հանգամանք։ 2020-ին պատերազմին ընթացքին ան Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանն էր եւ կը լուսաբանէր պատերազմը ամէնօրեայ հանրային թարմացումներով եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ հրապարակային զեկոյցներով։

Բեգլարեան մանուկ հասակին կորսնցուցած է տեսողութիւնը, երբ ընտանիքի բակին մէջ յայտնաբերուած ականը պայթած էր։ Անոր հայրը զոհուած էր պատերազմին մէջ։ Ան յաճախած է Երեւանի մէջ կոյրերու յատուկ վարժարանը։ 2010-ին, Երեւանի Պետական համալսարանը աւարտելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքի առեւտրական դպրոցին մէջ, մասնակցած Չեխիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ միջազգային ծրագիրներու եւ հետազօտական դասընթացքներու եւ իր մագիստրոսի աստիճանի կրթութիւնը ստացած է Լոնտոնի մէջ՝ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Ան «ԹաՖց» համալսարանի Ֆլեթչըր Իրաւաբանական դպրոցին մէջ ամբողջացուցած է Հանրային քաղաքականութեան եւ կառավարման ծրագիրը։

Բարձրաստիճան պետական պաշտօններ վարելու կողքին, Բեգլարեան նաեւ դասախօսած է Արցախի պետական համալսարաններուն մէջ։

Աւետարանչականի ճամբարը, ուր Բեգլարեան յաճախած է, կը գտնուէր Ստեփանակերտի մօտ։ Այդ ճամբարը 2003-ին տեղափոխուեցաւ Շուշի եւ հովանաւորուեցաւ Պետրոսեան ընտանիքին կողմէ։ Պետրոսեաններու ներդրումը ճամբարի ծրագիրին մէջ եղած է շուրջ 600,000 տոլար։ Ամէն տարի Պետրոսեան ճամբարը սպասարկած է շուրջ 800 մանուկներու։

2016-ի եւ 2020-ի ազրպէյճանական յարձակումներուն ընթացքին Ճամբարին մէջ պատսպարուած էին սահմանային շրջաններէ ընտանիքներ։ «Պետրոսեան ընտանիքը միշտ զգացած է, որ մեր քրիստոնէական պարտականութիւնն է օգնել հայերու՝ հասնելու յաջողութեան»,- ըսաւ ԼինտաՔէյի զարմիկը եւ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամ Պրայըն Պետրոսեան։ «Մենք կը ցաւինք ճամբարին եւ Շուշիի բնակիչներուն համար։ Բայց յոյս ունինք եւ կ՛աղօթենք, որ Պետրոսեան Ճամբարը պիտի վերադառնայ»։

ԼինտաՔէյ Ապտուլեան 25 տարիներէ աւելի ներգրաւուած է Աւետարանչականի աշխատանքներուն մէջ՝ իբրեւ անդամ Որբերու եւ մանուկներու խնամակալութեան յանձնաժողովին։

Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, խօսելով հայ ժողովուրդի ներկայ տառապանքներուն մասին՝ անդրադարձաւ այդ շրջանները կատարած իր վերջին այցելութեան, նշելով․ «Տեսայ, թէ ինչ ազդեցութիւն ունի Աւետարանչականը մարդոց կեանքին վրայ։ Չորս շաբթուան խռովայոյզ ճամբորդութենէն վերադարձիս դիմագրաւեցի այն հարցումը, թէ ի՛նչ տարի եւ ի՛նչ բերի։ Երկար չտեւեց պատասխանս խտացնել երկու պարզ բառերու մէջ՝ «Տարի ՅՈՅՍ եւ բերի ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ»։ ՅՈՅՍ-ը յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան դեղատոմսն է, աչքի կաթիլ՝ աղոտած տեսողութեան եւ վերականգման եւ վերակենդանացման կախարդական բանալին»։

ԱՀԱԸ-ի 102-րդ Տարեժողովը եւ անոր յարակից գործունէութիւնները այս տարի տեղի պիտի ունենան Ֆրեզնոյի Հայ Աւետարանական Պանդխտաց եկեղեցւոյ մէջ, 21-24 Հոկտեմբերի օրերուն, առցանց միանալու տարբերակով։ Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի www.amaa.org կայքը:

Տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի Առաջին Հայ Երիցական եկեղեցիի դահլիճին մէջ (430 S. First Street, Fresno, CA 93702)։ Տոմսերու սակը 50 ամերիկեան տոլար է եւ կան Ճաշկերոյթի հովանաւորութեան տարբեր մակարդակներ։

 Տեղեր ապահովելու համար այցելել https://amaa.org/102nd-annual-banquet կայքէջը։

(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸ-էն)
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ