Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերամուտ

Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ Վարժարանի

43-րդ Կրթաշրջանը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Յարատեւող ճիգին առջեւ,

Չկայ բան մը, որ դիմանայ,

Դժուարը դիւրին,

Անկարելին հնարաւոր կը դառնայ»

Ռէթէոս Պէրպէրեան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021-ին առաւօտեան ժամը 10։00-ին Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանի դպրոցաշէնքը կը վխտար մեր դպրոցի սիրուած փոքրիկներով, անոնց ծնողներով, տատիկ-պապիկներով։ Անցեալի տարեշրջանին պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ, պետութեան կողմէ արգիլուած էր ֆիզիքապէս դասարաններու մէջ դաս տալ։ Այնպէս որ մեր դպրոցի ժրա՚ջան տնօրէնութիւնը հեռակայ Zoom-ով դասեր տրուեցաւ լման տարեշրջան մը։

Այս տարի մասամբ մեղմացած ըլլալով այդ համաճարակը, որոշ պայմաններու տակ Գալիֆորնիոյ դպրոցները սկսան։

Այդ օր, աշակերտութիւնը եւ ծնողները մէկ սիրալիր ընտանիքի նման բոլորն ալ մեծ ուրախութեամբ դպրոց եկան, իւրաքանչիւրի ձեռին ունենալով ծաղկեփունջեր, խմորեղէններ եւ քաղցրաւենիքներ իրենց թանկագին տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն համար։

Վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Խաչատուրեանի բարի գալուստի բացման եւ դպրոցի կրթաշրջանին մասին շատ հակիրճ խօսքէն ետք, խօսք առին դպրոցի հիմնադիր եւ ներկայիս պատասխանատու՝ Պրն. Խաչիկ Ճանոյեան եւ միութեան ատենապետուհի՝ Տոքթ. Մարալ Անճարկօղլեան, երկու պատասխանատուները շնորհաւորեցին ծնողները եւ գնահատեցին մեր դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, մաղթելով բոլորին անփորձանք եւ արդիւնաւոր կրթական տարի մը։

Աշակերտութիւնը եւ բոլոր ծնողքները միաբերան Տէրունական աղօթքէն ետք, իւրաքանչիւր ուսուցչուհի խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեցին իրենց դասարանի պալիկներուն։

Այս տարի դպրոցը ունի 80 աշակերտ-աշակերտուհի, մօտ 60-է աւելի պզտիկներ սպասման ցանկի վրայ են, տեղի չգոյութեան եւ դասարաններուն մէջ սահմանափակ աշակերտներ տեղադրելու պատճառաւ։

Այս վարժարանը քառասուներեք տարիներ գործելով ունեցած է 1800-է աւելի փոքրիկներ, որոնք անվճար հայերէն գրել, կարդալ, երգ եւ ասմունք կը սորվին։ Դպրոցը միայն արձանագրութեան գումար մը կը գանձէ, բոլոր ուսուցչուհիները կամաւոր են, բոլորն ալ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի բարձրագոյն վկայականներ ունին։

Բարի երթ, կանաչ ճանապարհ եւ անամպ երկինք կը մաղթենք դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ