Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Խունկ ու Խոնարհում

Սեպտեմբեր 27-ին ամբողջացաւ Արցախեան պատերազմը սկսելուն մէկ տարին։

Անցած  մէկ տարին քիչ  է վէրք բուժելու կամ ցաւ ամոքելու, բայց բաւական ժամանակ է եզրակացութեան հասնելու եւ սխալները ուղղելու համար։ Մենք 5000 եւ աւելի զոհ տուինք «հայրենիք» վանկարկելով։ Լաւագոյն երիտասարդներու կեանքը կեցաւ դեռ չսկսած՝ յանուն խաղաղութեան եւ հայրենիքի սահմաններու անսասանութեան։ Այսօր մենք՝ բոլոր անոնք, որոնք մնացին անոնցմէ ետք ապրելու, մեծ աշխատանք ունինք, որ պէտք է ընենք:  Անոնց կեանքի գինով մեզի մնացած կեանքը մենք վատնելու  բարոյական իրաւունքը չունինք։

Լաց, կոծն ու հեծեծանքը  մարդկային հոգու էութիւնն է։ Այդպէս կ» «ամոքենք մեր վիշտն ու կորուստը։ Այս մէկը առողջ երեւոյթ է, երբ վերջ ունի, երբ այդ վերջը չի յետաձգուիր։

Մէկ տարին բաւարար է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւաքէ ինք զինք ու իր միտքերը՝ ապագայի ճանապարհը յստակ տեսնելու համար։ Իրականութեան մէջ վիշտի տակ յաւերժ կքած մնալով գործնականօրէն կը կորսնցնենք Հայաստանի վերջին բեկորները։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր դաշտի, մեր ոլորտի, մեր բջիջի մէջ պէտք է ամուր ու հաստատակամ քայլերով կերտէ մեր անսասանութիւնը։ Անսասան հայրենիք ունենալու համար իշխանութենէն եւ զինուժէն անսասան սահմաններ պահանջելը բաւարար չէ։ Այդ սահմաններէն ներս մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սրբազան պարտքը ունի: Բժիշկէն մինչեւ գործաւոր , ուսուցիչէն  մինչեւ հողագործ, գիտնականէն  մինչեւ շինարար, բոլորս, հայրենակերտման ու անսասանութեան պատասխանատուն ենք։

Զոհուած մեր հերոս տղաներու յիշատակը յարգելու լաւագոյն տարբերակը անոնց կիսատ ձգած գործը  ամբողջացնելն է՝ մեր ուժերը կրկնապատկելով եւ եռապատկելով։ Զոհուածներու յիշատակին խունկ վառելէն եւ լալէն բացի, անոնց անմար յիշատակը յարգելու աւելի կարեւոր եւ պատասխանատու ձեւ կայ.այն է՝ Հայաստանը դարձնել այն երկիրը, որուն երազանքը հիւսելով, խոնարհեցին իրենց կեանքը։

Արժանի ըլլանք անոնց յիշատակին՝ մեր գործով։

Խունկ ու աղօթք ձեր վառ ու անմար յիշատակին՝ հայոց անմահ որդիներ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ