Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանայինի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի հետ։

Հանդիպման ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ ծանօթ բարերար՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ գանձապահ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։

Սրբազան Հայրը բարի գալուստի ջերմ ու սիրալիր խօսքով ողջունեց մեր պատուիրակութեան անդամները, ներկայացուց Ազգային վարչութեան ներկայ անդամները, Սրբազան Հայրը գնահատեց ՌԱԿուսակցութեան ազգային, հայրենական ու մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ նուիրուածութիւնը, որոնց ինք ծանօթ է Լիբանանէն։ Հոն Սրբազանը յաճախ ելոյթներ եւ դասախօսութիւններ տուած է մեր շրջանակէն ներս։

Ապա խօսք առաւ ՌԱԿ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր այս ընդունելութեան համար եւ անոր մաղթեց ամէն բարիք եւ յաջողութիւններ իր հոգեւոր եկեղեցաշէն եւ ազգային գործերուն մէջ։

Խօսք եղաւ սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող՝ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։

Սրբազան Հայրը վերջերս Լիբանան կը գտնուէր, սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ հայութեան դժուար վիճակին մասին։

Եւ ի ուրախութիւն Սրբազանը ներկաներուն յայտնեց թէ մօտիկ օրերուն Լոս Անճելըսէն Լիբանանի հայութեան կոկիկ գումար մը պիտի ղրկուի։ Անկէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի որոշ գումար մը պիտի տրամադրուի։

Առաջարկ եղաւ, որ Ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ թելեթոն մը կազմակերպել յօգուտ լիբանանահայութեան։ Մօտ մէկ ժամ տեւող այս ջերմ ու սիրալիր հանդիպումը վերջ գտաւ փոխադարձ մաղթանքներով եւ Սրբազան Հօր օրհնութիւններով։

Խաչիկ Ճանոյեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ