Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերամուտ եւ Անկախութեան Տօնակատարութիւն Փասատենայի Մէջ

11 Սեպտեմբեր 2021, Շաբաթ օրը խանդավառ եւ տօնական էր Փասատենայի մէջ: Այդ օր իր դռները 55րդ անգամ բացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը:

Վերամուտի հաւաքոյթը սկսաւ տնօրէն Նորայր Տատուրեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան շեշտեց 2021-22 տարեշրջանի համար ծրագրուած հանդէս եւ միջոցառումներու ճոխութիւնը եւ ըսաւ, թէ հայապահպանման լաւագոյն ճամբան ազգային ինքնութեան ճանաչումն է ու այդ նպատակով վարժարանը լայն տեղ կը տրամադրէ իր սաներուն ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն տալու ջանքերուն: Ապա ան ներկայացուց ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ դպրոցին համար ջանադրաբար աշխատող նախկին սաներու կամաւորական կազմը:

Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի ընթացքին նաեւ խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Աւ. քհնյ. Փեթոյեանը: Ան շնորհաւորեց ծնողները եւ աշակերտները, ըսելով, թէ անոնք հայեցի դաստիարակութիւնը կը գերադասեն ու հաւատքով կը փութան հայկական վարժարան: Կատարուեցաւ դպրոցական նոր տարեշրջանի յաջողութեան համար Տէրունական աղօթք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քայլերգի միաբերան կատարում:

Աշակերտները ապա ծնողներու եւ հիւրերու ծափահարութեամբ խումբ առ խումբ դասարաններ ուղղուեցաւ, ստանալու համար մտքի լոյս եւ գիտութիւն:

Իսկ 25 Սեպտեմբեր, Շաբաթ օր, շաբաթօրեայ վարժարանի սաները ջերմ ու ներշնչող յայտագիրով մը տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 30ամեակը:

Յայտագիրը, որ ունէր նաեւ դաստիարակչական բնոյթ, սկսաւ Հայաստանի վերանկախացման ճանապարհը եւ Հայկական պետական նշանները ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութեամբ: Փոքրիկ աշակերտները հիացումով եւ հպարտութեամբ դիտեցին եռագոյնի, զինանշանի, խորհրդարանի, մայրաքաղաքի լուսանկարները ու պարզ տեղեկութիւններ ստացան անոնց մասին:

Ապա հանդէս եկան Պլեր երկրորդական վարժարանի Հայկական Ճեմարանէ հիւր աշակերտուհիներ, որոնք հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ արտասանեցին շաբաթօրեայ վարժարանի փոքրիկներու համար: Հայկական Ճեմարանի պարախումբի անդամ այդ աշակերտուհիները Արա Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ խանդավառ ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին Անկախութեան նուիրուած հայրենաշունչ պար մը: Անոնք Շաբաթօրեայ վարժարանի մանուկներուն ներշնչում տուին, որ անոնք ալ շուտով մասնակցին հայկական պարախումբին: Ապա բոլոր աշակերտները եւ ծնողները մասնակցեցան միասնութեան շուրջպարին: Անոր հետեւեցան Տէրունական աղօթքի եւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգի միաբերան եւ բարձրաշունչ կատարումները: Յայտագիրը ունէր քաղցր աւարտ. աշակերտները «Տօնդ Շնորհաւոր» երգելով կտրեցին Անկախութեան կարկանդակ մը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դաստիարակութիւն կու տայ 4-12 տարեկան հայորդիներուն: Դպրոցի ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայկական ասմունքը, երգը եւ պարը: Այս տարի դպրոցը ունի նաեւ երգի յատուկ ուսուցչուհի եւ դասաժամ: Արձանագրութեան համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ. (626) 449-1523:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ