Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներու եւ Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նոր Ջուղայի Մէջ

Իրան

Կիրակի, 3 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան Ս. Եպս. Քէչէճեանի, կիրակնօրեայ ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ արժ. Տ. Մեսրոպ աւ. քհնյ. Գալստանեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցականաց դասի։ Արարողութեան յաջորդեց հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն եւ զոհերու։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Alikonline.ir»-էն։

Յաւուր պատշաճի քարոզը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նշելով, թէ՝ կրօնը, ազգն ու հայրենիքը երեք գերագոյն սրբութիւններ են հայ ժողովուրդի համար, դժգոհութիւն յայտնեց, որ համայն աշխարհի եւ ի մասնաւորի մեր հայրենիքին մէջ ծրագրուած կերպով կը դաստիարակեն նոր սերունդ մը, որպէսզի կարեւորութիւն չդարձնէ սրբութիւններուն եւ միայն կարեւոր համարէ իր անձը իբրեւ անհատ։

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ վերջին տասնամեակներուն եւ ի մասնաւորի վերջին երեք տարուան ընթացքին՝ Հայաստանի իշխանութեան գլուխ անցած անհատները դուրսէն բերուած հայրենավնաս պայմանագրերով ու համաձայնագրերով մեծ վնասներ հասցուցած են հայ ազգին ու հայրենիքին։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին՝ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ այդ պատերազմէն հայ ժողովուրդը յաղթական դուրս չեկաւ, քանի որ պառակտուած էր եւ կորսնցուցած էր իր հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ այլուր։

«Մինչեւ այն ժամանակ, երբ մենք իբրեւ քրիստոնեաներ եւ հաւատացեալներ կը պահենք Աստուծոյ կողմէն մեզի տրուած օրհնութիւնն ու իշխանութիւնը, ոչ ոք կրնայ մեզի յաղթահարել. պէտք է նշուած բոլոր պայմանագրերը դուրս հանենք մեր շրջապատէն ու մտքերէն եւ նահատակներու տուած պատգամին հետեւելով, ամէն գնով պահպանենք հայրենիքը, կրօնը եւ ազգը»,- ընդգծեց Սրբազան հայրը։

Թեմակալ առաջնորդը իր խօսքը աւարտեց Աւետարանական պատգամին համաձայն՝ ըսելով. «Պահենք մեր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը, վայելենք անոնց բարիքները եւ աղօթենք, որ Աստուած երկնքի արքայութեան մէջ ընդունի մեր բոլոր հայ նահատակներուն հոգիները՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման բարեխօսներ»։

Յաւարտ սուրբ պատարագի հոգեհանգստեան կարգ իրականացաւ՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու եւ զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ