Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. Եկեղեցի

Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Օքլընտի Սբ. Վարդան Հայց. Եկեղեցի: Առաջնորդ Սրբազան Հօրը մեծ ուրախութեամբ եւ բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամները:

     Նոյն օրը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, յընթացս որու Ս. Սեղանին վրայ կը սպասաւորէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանը:

        Սրբազան Հայրը քարոզի ընդմէջէն յատուկ կերպով իր ջերմ ու սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի անդամներուն` յորդորելով, որպէսզի առաւել մեծ նուիրումով, անկոտրուն կամքով ու եռանդով շարունակէն իրենց ծառայութիւնը` տէրունահիմն ու  առաքելաշաւիղ մեր Սուրբ եկեղեցուն:

     Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ հանդիսութեանց սրահ` ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ կազմակերպուած` ծխական խորհրդի կողմէ: Օրուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ Սրբազան Հօր ցտեսութեան խօսքով եւ <<Պահպանիչ>> աղօթքով:

Լուրերը Առաջնորդարանի Դիւանէն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ