Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Հանրապետութեան 30 Ամեակին Նուիրուած Միջոցառումներու Շարք

Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր, 2021 Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հովուական այցով` մեկնեցաւ Ֆրեզնոյի շրջան Իր մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան  Անկախութեան 30 ամեակին նուիրած միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու տեղի  հայ համայնքի անդամներուն:

     Երեկոյեան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը` ուղեկցութեամբ Ֆրեզնոյի շրջանի հոգեւոր հովիւներու` Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեանի եւ Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսի Իր մասնակցութիւնը բերեց Ֆօրտ Ուաշինկթըն սրահին մէջ մատուցուած պաշտօնական ընթրիքի արարողութեանը:  Ընթրիքին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ, Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Պայպուրտեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հ.Հ.  պատուոյ հիւպատոս` Տիար Պերճ Աբգարեան, շրջանի կոնգրեսական` Տիար Ճիմ Կոսթա, Ֆրեզնոյի նահանգային խորհուրդի անդամ` Տիար Անտրէաս Պորչս, Ֆրեզնոյի համալսարանի նախագահ` Տոքթ. Սաուլ-Հիմենես Սանտովալ, շրջանային առողջապահութեան ղեկավար` Տիար Գրէգ Քասթրո եւ այլք: Ընթրիքի ընթացքին Տիար Արմէն Պայպուրտեան ի գնահատանք հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդի վաղեմի բարեկամութեան` պատուոյ շքանշաններ եւ  յատուկ գնահատանքի գիրեր յանձնեց կոնգրեսականներ` Տիար Ճիմ Կոսթային եւ Տիար Անտրէաս Պորչսին, համալսարանի նախագահ Տիար Սաուլ-Հիմենես Սանտովալին եւ Առողջապահութեան ղեկավար Տիար Գրէգ Քասթրոյին: Մեծարանքի միջոցառումէն ետք օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով:

Լուրերը Առաջնորդարանի Դիւանէն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ