Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Գէորգ Զօրավարին Տօնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Թեմէն Ներս

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան  Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Սուրբ Գէորգ Քաջամարտիկ Զօրավարի տօնի եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` հովուական այցելութիւն տուաւ Կլենտէյլի Ս. Գէորգ  Հայց. Եկեղեցի: 

Նոյն օրը Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցեց եւ իր հոգեշունչ քարոզին ընդ մէջէն վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ նշելով, որ Եկեղեցական եւ սրբոց բոլոր տօները անցեալին պատկանող սոսկ իրադարձութիւններ չեն, որոնք պէտք է նշուին միայն իբրեւ անցեալի յիշատակներ, այլ անոնք կենդանի վկայութիւն են եւ ունին անմիջական ու յատուկ պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած, ուստի այս նուիրական տօնին օրը Ս. Գէորգ քաջամարտիկ Զօրավար կու գայ մեզի անգամ մը եւս  յիշեցնելու եւ սորվեցնելու որ մեր մարդկային ողջ կեանքի ընթացքին ամենէն նուիրական ճշմարտութիւնը  միայն` յանուն Յիսուս Քրիստոսի ապրիլն ու գործիլն է:

Սրբազան Հայրը նաեւ իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Գէորգ անունը կրողներուն` իրենց անուանակոչութեան օրուայ առիթով:

Այնուհետեւ քարոզի վերջաւորութեանը Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները յղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Մանսուրեանին, եկեղեցւոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, ինչպէս նաեւ ողջ հաւատաւոր ժողովուրդին:

Լուրերը Առաջնորդարանի Դիւանէն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ