Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարմնի Տարբեր Մասերը Տարբեր Ձեւերով Կը Ծերանան

Տարիքի բերումով մեր մարմինը կը սկսի փոխուիլ եւ աստիճանաբար ծերանալ: Սակայն մարմնի զանազան մասերը տարբեր ձեւերով եւ տարբեր արագութեամբ կը ծերանան:

Ներքին բժշկութեան մասնագէտ Մաթիաս Ռիետլ կը յայտնէ, որ տարիքային բազմաթիւ գործընթացներ մօտաւորապէս 30 տարեկանէն կը սկսին:

Մորթը

30 տարեկանին մաշկը արդէն իսկ կը սկսի կորսնցնել իր առաձգականութիւնը եւ ծերանալ: Ժամանակի ընթացքին, մորթին վրայ կը յայտնուին մանր, այնուհետեւ մեծ կնճիռներ, «փիկմընթային» բիծեր եւ ծերացումի այլ նշաններ:

Լաւ նորութիւնը այն է, որ ծերացումը կարելի է դանդաղեցնել՝ մաշկը պաշտպանելով այն ազդեցութիւններէն (ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներէն, մուրէն եւ ծխախոտի ծուխէն), որ կը խանգարեն բջիջներու բնականոն վերականգնումին:

Մազերը

Մազերու կառուցուածքը տարիքի հետ նոյնպէս կը փոխուի՝ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ նաեւ «հորմոն»ներու պատճառով: Կիներու մօտ «էսթրոճեն»ի մակարդակի նուազումը՝ գլխու մազերը աւելի բարակ կը դարձնէ: Տղամարդոց մօտ, «տիհիտրոթեսթոսթերոն հորմոն»ի ազդեցութեամբ մազերը կը դառնան աւելի բաց, քան երիտասարդ տարիքին:

Ինչ կը վերաբերի ճերմակ մազերուն, ատոնց յառաջացման կը նպաստէ «մելանին»ի արտադրութեան նուազումը. այդ մէկը սովորաբար տեղի կ՛ունենայ մօտաւորապէս 35 տարեկանէն ետք:

Մկանները

Մօտաւորապէս 30 տարեկանէն՝ մարդու օրկանիզմը կը սկսի դանդաղօրէն կորսնցնել իր մկանային զանգուածը: Այս երեւոյթը կը կոչուի «սարքոփենիա»: 50 տարեկանին այս գործընթացը կ՛արագանայ, 70 տարեկանին` աւելի եւս կ՛արագանայ: Ահա թէ ինչո՞ւ  կարեւոր է պահպանել ֆիզիքական աշխուժութիւնը, որ կ՛օգնէ ամրացնելու եւ աճեցնելու մկանները:

Ոսկորները

Տարիքի հետ ոսկորներու ամրութիւնը եւ խտութիւնը նոյնպէս կը նուազին: Տարիքային փոփոխութիւնները կ՛ազդեն նաեւ յենաշարժական համակարգի այլ մասերուն վրայ՝ կռճիկներ, յօդեր… Բացի բնական ֆիզիքական մաշուածութենէն, ատոնց վիճակը կը վատթարացնեն «հորմոնային» փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ օրկանիզմին մէջ «քոլաժեն»ի արտադրութեան նուազումը:

Մաթիաս Ռիետլի խօսքով, այս մակարդակին՝ ծերացման արագութիւնը դանդաղեցնելու կ՛օգնեն կանոնաւոր վարժութիւնները, վիթամին D-ի համաչափօրէն ստանալը եւ սպիտակուցներու բնական քանակի ընդունումը:

Սրտանօթային համակարգը

Արիւնատար անօթներու առաձգականութիւնը կը սկսի նուազիլ մօտաւորապէս 30 տարեկանէն, ինչ որ նաեւ կ՛ազդէ սրտի մկաններու ուժին վրայ: «Պրոնխ»ները նոյնպէս տարիքի բերումով կը կորսնցնեն առաձգականութիւնը եւ վատ ձեւով կ՛ընդունին թթուածինը: Այս բոլորը՝ աւելի ենթակայ կը դարձնեն արեան բարձր ճնշման եւ սրտանօթային այլ հիւանդութիւններու:

Ուղեղը

Տարիքի հետ ուղեղի զանգուածը կը նուազի, փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան նեարդային բջիջներուն մէջ: Այս մէկը մարդը կը դարձնէ աւելի մոռացկոտ, իսկ, ընդհանուր առումով, ճանաչողական ունակութիւնները կը նուազին: Բայց ոչ միայն տարիքը, այլ նաեւ ապրելաձեւը կրնայ ազդել նեարդային բջիջներու վիճակին եւ ուղեղի աշխատանքին վրայ: Առաջին կարգին բացասաբար կ՛ազդեն ծխելը, ալքոլը, ինբպէս նաեւ՝ ֆիզիքական վարժութիւններու եւ ընկերային յարաբերութիւններու բացակայութիւնը:

Դիմադրողական համակարգը

Մարմնի նիւթափոխանակութեան գործընթացներու դանդաղեցման հետ մէկտեղ, կը դանդաղին նաեւ վէրքերու ապաքինման գործընթացները: Դիմադրողական բջիջները տարիներու ընթացքին կը տկարանան, եւ դիմադրողական համակարգը կը դառնայ աւելի նուազ «աքթիվ»:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ