Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Որոշ Ուտելիքներ Կրնան Գլխացաւ Եւ «Միկրեն» Յառաջացնել

Որոշ ուտելիքներ առողջութեան համար օգտակար կը նկատուին, սակայն կրնան որոշ խնդիրներ յառաջացնել, այդ շարքին՝ գլխացաւ եւ «միկրենի նոպա»ներ:

Նեարդաբան Թաթիանա Վոն յայտնած է, որ գլխացաւ կրնան յառաջացնել այնպիսի ուտելիքներ, ինչպէս՝ «սիթրըսային միրգ»երը, տուրմը, սուրճը եւ ալքոլային խմիչքները:

«Կան ուտելիքներ, որ կը յառաջացնեն «միկրենի նոպա»ներ: «Միկրեն»ի պարագային քլինիքական պատկերը յատկանշական է` նոպայի ձեւով գլխացաւ, զօրաւոր ուժգնութեամբ: Որպէս կանոն, անիկա կ՛ուղեկցուի սիրտխառնուքով, փսխուքներով, լուսաֆոպիայով, «նոպան» կ՛երկարի 4-72 ժամ»,- ըսած է նեարդաբանը:

Մասնագէտին խօսքով՝ «միկրեն»ի խնդիրներ աւելի յաճախ կիները կ՛ունենան: Աւելին, այս հիւանդութիւնը ժառանգական է: Վոն յայտնած է, որ զրաւոր գլխացաւերու պատճառ կրնան դառնալ նաեւ սովը, քունի պակասը, ինչպէս նաեւ՝ եղանակի փոփոխութիւնը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ