Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Պատարագ Եւ Խաչքարի Օծում Ի Յիշատակ Արցախեան 44 Օրեայ Պատերազմի Նահատակաց

      Կիրակի, 3 Հոկտեմբեր, 2021 թ. Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ` Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

       Պատարագին ներկայ էին թեմի հոգեւորականներ, Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Պայպուրտեանը իր տիկնոջը հետ, ԱՄՆ հայոց դեսպանութեան ռազմական կցորդ` գնդապետ Արման Մկրտչեանը, թեմի բարերարներ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ:

     Իր քարոզին մէջ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 44 օրեայ Արցախեան պատերազմի քաջ նահատակներուն` ըսելով. <<Այսօր, մեր ս. պատարագը կ’ընծայենք մեր նահատակ զինուորներու պայծառ յիշատակին, աղօթքով առ Աստուած, որ անոնց վշտաբեկ սրտով ծնողները մնան քաջ ու յանձնառու ի կատար ածելու համար իրենց զաւակաց տեսիլքը՝ հայրենի հողին պահպանումը։

      Սիրելիներ ի Քրիստոս, մեր նահատակ քաջ զինուորներու յիշատակը յաւէրժացնելու միակ ճանապարհը հաւատքով ապրուած կեանքն է՝ միմեանց նկատմամբ համակ սիրով լեցուած։ Ժամանակի հրամայականն է, որ հոգու աչքերով տեսնենք հզօր Հայաստանը եւ այն կեանքի կոչենք մեր անկոտրում հաւատքով>>։

    Ս. Պատարագի վերջաւորութեանը կատարուեց Հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն` ի յիշատակ Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի հերոս նահատակաց:

    Հոգեհանգստեան պաշտօնէն անմիջապէս յետոյ եկեղեցականաց հանդիսաւոր թափորը Մայր Տաճարի Ս. Սեղանի առջեւէն <<Ուրախ Լեր>> շարականի երգեցողութեան ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հարաւային կողմի կամարը` որտեղ Գերաշնորհ Սրբազան Հօր ձեռամբ  օծուեց, օրեր առաջ զետեղուած, Արցախեան հերոս նահատակաց յիշատակը յաւերժացնող տուֆակերտ խաչքարը: Խաչքարը կանգնեցուած էր ազնիւ բարերարութեամբ Բրշ. Կարէն սրկ. Վարդանեանի:

     Խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութենէն յետոյ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց  Բրշ. Կարէն սարկաւագին, ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատաւոր ներկաներուն:

      Այնուհետեւ խօսք առաւ`  Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Պայպուրտեանը:

    Աւարտին` Թրբանճեան հրապարակի շրջափակին մէջ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն` ներկաներու համար:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ