Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողով Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2021ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանին յարկին  տակ գումարուեցաւ  Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովի հերթական նիստը, որը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 9.30-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:30-ը:

Ժողովին  իրենց մասնակցութիւնը բերեցին թիւով շուրջ երեսունհինգ եկեղեցականներ: 

 Ժողովական աշխատանքները սկսելէ առաջ կատարուեց գիշերային ժամերգութիւն, որի վերջաւորութեան հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուեց` ինչպէս Արցախեան պատերազմի նահատակներու, այնպէս ալ այս վերջին օրերուն վախճանուած եկեղեցականներու հոգիներու համար, ապա մէկ րոպէ լռութեամբ` յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեց  անոնց  յիշատակին:

Հոգեւորականաց ժողովի ընդլայնուած նիստը մեկնարկուեցաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բացման խօսքով: Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց եւ օրուան պատգամը փոխանցելով  եկեղեցականներուն, ըսաւ. <<Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ, այսօրինակ համագումարները կոչումի նորոգութեան, պարտականութեանց վերարժեւորման ու անդրադարձումի առիթ մըն են եւ մեզի ուժ ու եռանդ կու տան, որպէսզի կարողանանք առաւել հոգեւոր վերարթնութեամբ եւ արդիւնաւոր կերպով մեր ծառայութիւնը բերենք Աստծոյ Անդաստանին մէջ>>: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը, ժողովի քննարկմանը բերուած գլխաւոր նիւթերէն առաջ ներկայացուց ընդարձակ զեկոյց, ուր  անդրադարձաւ երեսունէ աւելի կարեւորագոյն հարցերու եւ նիւթերու, ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսները, որպէսզի հերթաբար ներկայացնէին իրենց զեկոյցները:

Առաջին զեկոյցի նիւթը` <<Մկրտութեան կնքահայր եւ կնքահայրութիւն>> թեման էր, որն առաւել  մանրամասնութեամբ եւ վերլուծական յղումներով ներկայացուց` Տ. Տաճատ ծ. Վրդ. Եարտըմեանը:

Երկրորդ զեկոյցի նիւթը` թեմէն ներս յառաջիկային հրատարակուելիք ծիսական եւ բարեպաշտական արարողութեանց ձեռնարկներու խմբագրման եւ տպագրութեան պատրաստման հարցն էր, ինչն ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուեց` Տ. Սասուն ծ. Վրդ. Զմրուխտեանի կողմէ:

Ապա կէսօրուան ճաշի հատումէն ետք սկիզբ առաւ համագումարի երկրորդ նիստը, որի ընթացքին Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեանը, Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեանը  եւ  Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանը  հերթաբար ներկայացուցին` քահանայական թեկնածուներու պատրաստութեան, Ծխական խորհուրդներու պարտականութեանց  վերանայուած Ուղեցոյցի, Ապրիլ 24-ին` Սրբոց յիշատակութեանց   միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ գալիք տարի` 2022 թուին, չափահասներու խմբակային մկրտութիւններու կազմակերպմանը վերաբերող հարցերը:

Եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձան նաեւ ծիսական, ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։  Ժողովին մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ քանի մը կարեւոր այլ հարցերու, որոնք կ’առընչուէին  մեր Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի կեանքին, ինչպէս նաեւ տիրող համաճարակին:

Ժողովը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով, աղօթքով եւ <<Գովեա Երուսաղէմ>> շարականի երգեցողութեամբ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ