Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ. Ոչ Եւս Է Ընկ. Ճորճ Մանտոսեան

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր կուսակցութեան վեթերան ընկերներէն, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝

                           ԸՆԿ. ՃՈՐՃ ՄԱՆՏՈՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր  2021-ին։

Հանգուցեալը եղած է նաեւ ԹՄՄ-ի ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Մարմնի հիմնադիրներէն եւ նոյն մարմնի երկարամեայ փոխ-ատենապետը, ինչպէս նաեւ հիմնադիրներէն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի եւ անոր հոգաբարձութեան ատենապետը՝ երեսուն տարի շարունակ։

Ողբացեալը եղած է հիմնադիրներէն մին եւ երկար տարիներու վարչական անդամը Ցեղասպանութեան նահատակներու Մոնթեպելլոյի Յուշարձանի յանձնախումբին: Ան երկար տարիներ եղած է Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀԲԸՄիութեան ժրաջան ղեկավարներէն: Սպասարկած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ որպէս դպրապետ եւ սարկաւագ։

Մեր թանկագին ղեկավար Ընկ. Ճորճ Մանտոսեանի մահուան տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Յասմիկ Կոնճեան Մանտոսեանին, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ բոլոր հարազատներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղեցի։

ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Վարչութիւն
ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան Ակումբ
«Նոր Օր» երկլեզու պաշտօնաթերթ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ