Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաշտօնական Յայտարարութիւն

Այսու կու գանք յայտնել մերազն բարեպաշտ ժողովրդեան, որ Տ․ ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ․ ՊԱՂՐԱՄԵԱՆ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եկեղեցականներէն չէ եւ որեւէ առնչութիւն չունի վերոնշեալ հաստատութեան հետ։

Հետեւաբար, Արեւմտեան Թեմը որեւէ կերպ պատասխանատու չէ հոգեւորականի անձի կամ գործունէութեան եւ ատոնցմէ բխող հետեւանքներու համար։

Տ․ ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ․ ՊԱՂՐԱՄԵԱՆԻ ծաւալած ինքնագործունէութեան, ի մասնաւորի՝ Կլենտէյլ քաղաքի մէջ շէնք մը վարձակալելու եւ «Ս․ Սարգիս Հայց․ Առաքելական Եկեղեցի» անունով կրօնական կազմակերպութիւն հիմնելու մասին պաշտօնապէս յայտնած ենք Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածին՝ եկեղեցական բարձրագոյն ինշխանուեանց։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ