Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Սան Ֆրանսիսկոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցի

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հովուական այցով մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսկոյի Սբ. Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցի: Առաջնորդ Սրբազան Հօրը մեծ ուրախութեամբ եւ բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիներու անդամները:

Նոյն օրը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, յընթացս որու Ս. Սեղանին վրայ կը սպասաւորէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշը:

Սրբազան Հայրը քարոզի ընդմէջէն յատուկ կերպով իր ջերմ ու քաջալերանքի սրտագին խօսքերը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի հոգեւոր հովիւին` գնահատելով անոր գործադրած մեծ ջանքերը կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման եւ կայացման գործին` հորդորելով նաեւ, որպէսզի առաւել մեծ նվիրումով, անկոտրուն կամքով ու եռանդով շարունակէ իր ծառայութիւնը` ի նպաստ ծուխի զարգացմանը եւ յառաջխաղացմանը:  

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ օծուեց Ս. Գայանէ կոյսի նկարով սրբապատկերը` նուիրաբերուած Բալասանեան ընտանիքի կողմէ, ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ դստեր:

Ս. Պատարագի վերջաւորութեանը կատարուեց Հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն` ի յիշատակ Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի հերոս նահատակաց:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն անմիջապէս յետոյ տեղի ունեցաւ շնորհաբաշխութիւն, յընթացս որի Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ի գնահատանք Ս. Յովաննէս եկեղեցւոյ ծխական կեանքից ներս ունեցած երկարամեայ ծառայութեան ու նուիրումի, <<Հայ Ոգի>> շքանշանով պարգեւատրեց` Էնթընի Սրկ. Խաչատուրեանին, Լինդա Լեսթերին, Ջուդի Ուայթին, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Սեդրակ եւ Անուշ Մաղդիսեաններուն:

Շնորհաբաշխութենէն հետոյ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ տալով` օրհնեց բոլորին, յաջողութիւններ մաղթեց իրենց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ:     

                           Դիւան Առաջնորդարանի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ