Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Նորագոյն Պատմութեան Շունչը՝ ՌԱԿ-ը

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Մեր ղեկավար ընկերոջ սոյն յօդուածը գրուած է ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով։ Կը վերահրատարակենք զայն. նկատելով որ տակաւին կը պահէ իր այժմէականութիւնը։                                                          Խմբ.

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ընդհանրապէս անհաւասար ուժերու դէմ պայքար մը եղած է՝ ֆիզիքական գոյութեան, հայրենիքի փրկութեան եւ ազատութեան համար։ Ջարդն ու սովը բռնութիւնն ու արտագաղթը յարատեւօրէն կոտորակեր են մեր ժողովուրդը ու մեծապէս ջլատեր են անոր բարոյական կորովը։ Սակայն պատմական բախտորոշ պահերու, հաւասարեր ենք անհաւասար կացութեանց։ Եւ երբ մեր երկրին մէջ տիրեր են յարաբերաբար խաղաղ պայմաններ, կերտեր ենք սքանչելի ազգային ուրոյն մշակոյթ։

Այս վիճակուեր է մեր ազգին, հայրենիքի աշխարհաքաղաքական հրամայականներուն եւ շրջապատի ժողովուրդներէն մեզ զանազանող ազգային իւրայատուկ մշակութային-ընկերային-կրօնական նկարագրին բերումով։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններն էին առաւելաբար, որ տէր կանգնեցան տառապահար մեր ժողովուրդին։ Եւ, ազգային այդ փրկարար գործին մէջ իրենց պատուաբեր մասնակցութիւնը բերին Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Սահմանադրական կազմակերպութիւնները, որոնց միաձուլումով ծնունդ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 1921-ին։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք խոր եւ իրապաշտ քննարկումի ենթարկեց հայ կեանքին մէջ յեղակարծօրէն ստեղծուած նոր գոյավիճակը։ Անհրաժեշտ էր նոր արեւելում։

Եւ ի՞նչ էր այդ նորաստեղծ կացութիւնը.

ա) Հայաստանի արեւելեան հողամասին վրայ Խորհրդային կարգերու հաստատումով ընդմիշտ ձախողութեան կը մատնուէր թրքական կովկասեան նուաճողական քաղաքականութիւնն ու փան-Թուրանական երազը։ Հայ ժողովուրդը փրկուած էր վերջնական եւ ստոյգ կործանումէն։

բ) Թուրք ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցած էինք ամբողջ Արեւմտահայաստանը։ Եւ արեւմտահայութեան մնացորդացը՝ ցրուած միջինարեւելեան զանազան երկիրներ։ Պալքաններ ու մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները կազմած էին սփիւռքը։

գ) Հայ ժողովուրդին սրբազան ժառանգ կը մնար վերատիրանալ Արեւմտահայաստանին եւ վերատեղաւորել համայն հայութիւնը հայրենական ամբողջական հայրենիքին մէջ։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ճիշդ սկիզբէն, յստակօրէն սահմանեց իր յետագայ գործունէութեան վարքագիծն ու իր վարդապետական համոզումները.

ա) Ան կը հաւատայ ազատ ու ժողովրդավարական դրութեան բարիքին, եւ տնտեսական մարզէն ներս՝ անհատական նախաձեռնութեան ոգիի զարգացման, սակայն ըլլալով գերազանցապէս ազգային կազմակերպութիւն եւ առաջնորդուելով մեր ժողովուրդին գործնական հրամայականներէն, գաղափարական հարցերը կը դասէ երկրորդական հարթակի վրայ։

բ) Սփիւռքահայութիւնը նկատել իրաւատէրը Արեւմտահայաստանին։ Զօրացնել անոր մէջ պահանջատիրական ոգին եւ քաղաքականացման անհրաժեշտութիւնը։ Ամրապնդել սփիւռքի հայկական կառոյցներն ու անոր հոգեկան, կրօնական եւ մշակութային կապը՝ մայր հայրենիքի հետ։

գ) Հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ հանգրուանային խելացի ու սերտուած գործունէութեամբ հետապնդել հայ հողային անկորնչելի Դատը։ Ի վերջոյ հարկադրել թուրք ցեղասպանները հաշուի նստիլ հայ ժողովուրդին հետ։

դ) Հայ կեանքէն ներս զօրացնել ու զարգացնել միասնականութեան, իրապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան ոգին։

Անհրաժեշտ է շեշտել – պարկեշտութիւնն ու ողջմտութիւնն ալ այդ կը թելադրեն – թէ հայ առաքինութեանց դրամագլուխը չէ եւ չի կրնար ըլլալ որեւէ մէկ հատուածի սեփականութիւնը։ Բոլոր հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները ունեցած են իրենց թերութեանց կողքին օգտակարութիւն եւ դրական իրագործումներ։ Սակայն, անվարան ու հպարտօրէն կրնանք այս հանդիսաւոր հանգրուանին ըսել, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, առանց նուազագոյն պատեհապաշտութեան եւ անշեղ կերպով ու հետեւողականօրէն ընթացած է իր որդեգրած ուղիէն։

Քաղաքական որեւէ կազմակերպութիւն, ամէն բանէ առաջ, նպատակ ճշդած, ծրագիր մշակած ու դէպի ապագան նայող ուժ մըն է։ Այլապէս, մանաւանդ ներկայ աննախնթաց արագութեամբ փոխուող աշխարհին մէջ ան կը կորսցնէ գոյութեան իր իրաւունքը։ Այս անվիճելի իրողութեան խոր ճանաչողութենէն առաջնորդուած, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, անցեալի իր իրագործումներէն աւելի՝ իր աչքերը սեւեռած է ապագային, յետագայ գործունէութեանց վրայ։

Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութենէն 60 տարի ետք, երբ քննական ու իրապաշտ ակնոցով կը նայինք մեր ներկային, ի՞նչ պատկեր կը պարզուի մեր առջեւ։

ա) Հայաստանը բարգաւաճ, յառաջադէմ, երեք միլիոն եւ իննսուն տոկոսով հայ ազգաբնակչութեամբ անխորտակելի հանրապետութիւն մըն է։

բ) Սփիւռքը հակասութիւններով, յարակարծութիւններով եւ իր ընդհանուր բնոյթով օրէ օր հայկականութենէ պարպուող զանգուած մըն է։ Տնտեսապէս ու մշակութային տեսակէտով շատ աւելի բարգաւաճ՝ քան երբեւիցէ, բայց մեծապէս ենթակայ՝ քաղքենիութեան կրծող բարքերուն եւ ուծացումին։

գ) Հայ երիտասարդութեան մէջ գոյութիւն ունի ուժեղ հոսանք մը՝ դուրս գալու համար կրաւորական, մեզի պարտադրուած իրավիճակէն, եւ հնարաւոր ամէն միջոցի դիմելով կը նպատակադրէ տէր կանգնիլ Հայ Դատին։

դ) Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող անկայուն վիճակին հետեւանքով (յատկապէս Լիբանանի մէջ) հայութեան մօտ արտագաղթող որոշ հոսանք մը կայ դէպի Արեւմուտք, մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այս շարժումը կը ջլատէ մեր պահանջատիրական կորովն ու ընդհանուր ուժականութիւնը։

Ներկայ փափուկ ու անկայուն ժամանակներուն, աւելի քան որեւէ ատեն, արտերկրի հայութիւնը կարիքն ունի քաղաքական հասունութեան, պատմական գիտակցութեան եւ գաղութահայ կեանքի կազմակերպման, աւելի առողջ ու աւելի հաստատ հիմքերու վրայ, եւ միասնական ճիգերով։ Եւ միասնականութիւնը երբեք չի նշանակեր առանձնապէս որեւէ հատուածի ենթարկուածութիւն, անոր ծրագիրներուն լուռ ու կրաւորական ենթարկուածութիւն։ Ան կը նշանակէ իրար հասկացողութեամբ, փոխադարձ յարգանքով ու զիջումով, հաւասարակշռուած ուժերով ազգային կեանքի յառաջ մղում։

Սփիւռքը ինքնանպատակ ու հայրենիքէն անջատ գոյավիճակ մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը մեր պատմական դժբախտութենէն ծնած, մեր վրայ պարտադրուած բայց վախճան ունեցող իրավիճակ մըն է։ Ան վերջ կը գտնէ, երբ հայ կեանքին մէջ բարձրացող ամէն սերունդ «պատմութեան առջեւ ամօթով չմնայ»՝ տալով իր կարելին Հայկական Դատի հանգրուանային լուծումի երկարաշունչ պայքարին։

Մեր ներկայ հայրենիքը հայրենաբնակ հայութեան երկիրը չէ միայն։ Ան տունն է ամէն հայու, հայութեան բոլոր հատուածներուն, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց իւրաքանչիւրին համոզումներն ու հաւատալիքները։ Ուստի, հայրենիքին զօրացումն ու բարգաւաճումը հաւաքական պարտականութիւնն է աշխարհացրիւ ամբողջ հայութեան, եւ գլխաւոր գրաւականը մեր ցեղին վերապրումին։

Ի՞նչ են մեր ներկան ու ապագան փոթորկող հարցերը.

ա) Հայ ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը։ Այսօրուան վտանգաւոր օրերուն, կարեւոր քաղաքական սխալ մը, սայթաքում մը մեր կողմէն, կրնայ աղիտաբեր հետեւանքներ ունենալ համայն հայութեան համար։ Եւ նոյնինքն հայրենիքը, առանց ժողովուրդի, իր իմաստը կը կորսնցնէ։

բ) Ներկայ Հայաստանի զօրացում։ Անկախ ամէն կարգի նկատումներէ, հայրենիքը մեր հիմնական դրամագլուխն է։ Իսկ սփիւռքը խնայուած գումար մը, եւ Հայ Դատի հետապնդման համար կարեւոր լծակ մը։ Ամէն հայ անհրաժեշտ է որ բերէ – կրնայ բերել – իր նպաստը հայրենիքի զօրացման սրբազան գործին մէջ։

գ) Հայ Դատի հետապնդումը։ Միացեալ Ազգերու 1948 Դեկտեմբերի Ցեղասպանութեան յատկացուած համագումարին նախաբանին (փրէմպըլ) մէջ, Ցեղասպանութիւնը կ՚որակուի որպէս «զազրելի յարձակում» մը համայն մարդկութեան դէմ։

Եւ այդ «զազրելի յարձակում»ը թուրքը գործեց համայն մարդկութեան դէմ, ջարդելով մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայ եւ յափշտակելով անոնց դարաւոր հայրենիքը՝ Արեւմտահայաստանը։

Թուրք ցեղասպանութիւնը կը մնայ անպատիժ։ Հայ ժողովուրդին ճիտին պարտքն է հնարաւոր բոլոր միջոցներով վերատիրանալ մեր պատմական հողերուն։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պատրաստ է իր ամբողջական ուժերով, համազգային միատեղուած ճիգերով, վերագրեալ նպատակներու իրագործման համար աշխատիլ ու գործել։

Այս համոզումներով, յառաջադրութիւններով եւ գիտակցութեամբ կ՚ողջունենք ՌԱԿ-ի 60-ամեակը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ