Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով

Հոգեհանգստեան Պաշտօն Արեւմտեան Շրջանի Մեզմէ Յաւէտ Բաժնուած Երախտաւորներուն Հոգիներուն Համար

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Այս գիշեր նորէն կ՚աճի, կը մեծնայ, կը շատնայ հոգիս Կռիւի գացող բանակի մը պէս»։

Վ.Թ.

Այս տարի ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, ծրագրուած ձեռնարկներուն շարքին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 24, 2021-ին ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինի խնդրանքով, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի երախտաւորներուն հոգիներուն համար։ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Այդ օր Ս. Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեան, Ս. Խորանին կը սպասարկէին եւ իրենց գեղաձայն մասնակցութիւնը բերին սարկաւագներու հոյլ մը։ Նմանապէս եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը ղեկավարութեամբ Մայէսթրօ Պարթեւ Կուլումեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կիւրեղ Մանկրեանի, շատ յուզիչ հոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծեցին եկեղեցիէն ներս։

Արդարեւ, երբ հոգեհանգստեան պաշտօնի ժամանակ յիշուեցան 100-է աւելի մեր երախտաւորներուն անունները, որոնցմէ շատերուն ծանօթ էինք, մեր սիրտն ու հոգին անսահման հպարտութեամբ լեցուեցան, յիշեցինք այդ աննման կուսակցութեան ընկերներուն նուիրումը, իրենց տունը, տեղը, ընտանիքը թողած ամբողջական նուիրումով ծառայեցին հայրենիքին եւ ազգին ՌԱԿ-ի դրօշին ներքեւ աշխատելով։

Այո մենք չափազանց գոհ եղանք երբ մտաբերեցինք այս պատուական կուսակցականներու խումբին մաս կազմած ենք եւ վայելած ենք անոնց բարեկամութիւնը, սէրը եւ յարգանքը։

Այդ օր եկեղեցւոյ Ս. Խորանին ծաղիկները եւ յատուկ ծաղկեպսակ մը նուիրուած էր ՌԱԿ-ի Գերսամ Ահարոնեան Ակումբին կողմէ։

Ս. Պատարագի աւարտին Շրջանային Վարչութեան անդամները անցան եկեղեցւոյ Սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած խաչքարին մօտ։ Յաւուր պատշաճի աղօթքէն ետք, բոլոր ընկերները անցան եկեղեցւոյ Կիրակոս մայր սրահը հոգեսուրճի համար։

Հանդիսավարութեամբ Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեանի գործադրուեցաւ խօսքերու կարճ յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, որ յիշելով մեր անմեռ երախտաւորներուն յիշատակը, կոչ ըրաւ բոլոր ռամկավարները մեր երախտաւորներու ճամբայէն քալեն, ապա խոնարհելով անոնց յիշատակին առաջ, Ընկ. Ատենապետը խունկ եւ աղօթք խնդրեց Աստուծմէ երախտաւորներուն հոգիներուն համար։

Խօսք առաւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեան, յարգելէ ետք երախտաւորներուն յիշատակը, Տէր Հայրը խնդրելով պահանջեց, որ ՌԱԿ-ը եկեղեցիին հետ աշխատելով, աշխատանք տանին հայապահպանման եւ ազգակերտման գործին, որ շատ կարեւոր է մեր ժողովուրդի ազգային դիմագիծին եւ աւանդութեան պահպանման համար։

Նմանապէս խօսք առաւ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան եւ Ընկերուհի Շուշան Քեվրանեան-Պաղպուտարեան։

Բոլոր ներկաները մեր երախտաւորներուն յիշատակով հարստացած, մեկնեցան սրահէն միշտ վառ պահելով անոնց յիշատակը իրենց սրտին ու հոգիին մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ